Ն. Աղբալեանի, Ս. Վրացեանի եւ Լ. Շանթի շունչով, ձեռագրով ու ոգիով կերտուած Ճեմարանը սփիւռքեան տարածքով մէկ իր ուրոյն եւ ազնուական տեղը ունի որպէս լոյս բաշխող եւ բարձր ազգային ու մարդկային գիտակցութիւն ունեցող հայ մարդ կետելու կոչուած մշտական ամրոց։
Ու այդ պատճառով ու հաւատամքով է, որ երկար տարիներ առաջ այդ դարբնոցին մէջ միս ու արիւն ստացած մեր հայրենակիցները այսօր տէր կը կանգնին իրենց պաշտած դպրոցի առաքելութեան։
Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապալի իրավիճակին մասին տեղեակ ենք բոլորս։ Օրերս ԱՄՆ ապրող խումբ մը նախկին Ճեմարանականներ ազնիւ նախաձեռնութիւնը վերցուցած են հասնելու իրենց սիրելի դպրոցին՝ Պէյրութի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի բիւր կարիքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ Պէյրութի մեր գործընկեր «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ճեմարանի խումբ մը բարեկամներ կը ստանձնեն Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի 2022-2023 տարեշրջանի վարդագոյն դասարանի (3-4 տարեկան) 30 երեխաներու կրթաթոշակները:
Սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի յաջորդաբար 3 տարիներ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնեցին այս շատ շինիչ ծրագիրին եւ իրագործեցին զայն:
Բոլոր այն ծնողները, որոնք կը փափաքին իրենց զաւակները ուղարկել Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարան, կրնան կապուիլ 04-712602 թիւին, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 7:30-էն կ.ե. ժամը 1:30 կամ ե-նամակ մը ուղարկել info@djemaran.edu.lb հասցէին:
Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ երեխան հասակ կ՛առնէ ու կը զարգանայ հոգատար, ապահով եւ ուրախ միջավայրի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ն. Աղբալեանի, Ս. Վրացեանի եւ Լ. Շանթի շունչով, ձեռագրով ու ոգիով կերտուած Ճեմարանը սփիւռքեան տարածքով մէկ իր ուրոյն եւ ազնուական տեղը ունի որպէս լոյս բաշխող եւ բարձր ազգային ու մարդկային գիտակցութիւն ունեցող հայ մարդ կետելու կոչուած մշտական ամրոց։
Ու այդ պատճառով ու հաւատամքով է, որ երկար տարիներ առաջ այդ դարբնոցին մէջ միս ու արիւն ստացած մեր հայրենակիցները այսօր տէր կը կանգնին իրենց պաշտած դպրոցի առաքելութեան։