image

Պէյրութի մէջ. Ըստ բանակին կալանաւորուած են «Լիբանանեան ուժեր»ու անդամներ

Պէյրութի մէջ. Ըստ բանակին կալանաւորուած են «Լիբանանեան ուժեր»ու  անդամներ

Լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան աղբիւրներ յայտարարեցին Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան շարք մը անդամներու ձերբակալութեան մասին:

Ձերբակալուածներուն թիւը հասած է 8 -ի ՝ մատնանշելով, որ անոնմէ ոմանք խոստովանած են, որ պատրաստած են Թայյունէի իրադարձութիւնները:

Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեան մը մէջ նշած է, որ ձերբակալած է ինը անձեր, ներառեալ սուրիացի մը, երէկ Պէյրութի մէջ բռնկած բռնութիւններէն յետոյ:

Բանակի հաղորդագրութիւնը նշած է, որ պիտի շարունակէ տեղակայուիլ դէպքի վայրին մէջ , որպէսզի կանխէ բախումներու կրկնութիւնը: