image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Սեդա Թորոսեանի կորուստը

Պէյրութի մէջ. Սեդա Թորոսեանի կորուստը

Օրերս Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, մահացած է Սեդա Թորոսեանը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Հանգուցեալը կինն էր Յովհաննէս Թորոսեանի, եւ մայր երեք զաւակներու ՝ Արա, Մարալ եւ Յակոբ։

Ընտանեկան, հարազատներու եւ շրջանակին կողմէ մեծ յարգանքի արժանացած Տիկին Սեդայի հիմնաւոր նպատակը եղած է իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալն ու ջամբելը ու շնորհիւ այդ ոգիին ան կարողացած է ուղղել զաւակները դէպի  ուսում եւ համալսարաններ։  Ի դէպ երբ Տիկին Սեդան մայրացաւ ու ընտանիք կազմեց, այդ օրերուն եւս Լիբանանն ունէր  դժուարին պայմաններ, սակայն հակառակ   բոլոր դժուարութեանց ան ամուսնոյ  հետ միասին կարողացաւ պահել ու պահպանել ընտանիքի  անդորրն ու խաղաղութիւնը։

Արիւնալի պատերազմ, անապահով վիճակ ու բազմապիսի դժուարութիւններ, սակայն շնորհիւ իր հայու բարձր ոգիին, ան իր ամուսոյն հետ ձեռք ձեռքի տալով յաջողած է ընտանիքի մեծ նաւը հասցնել դէպի ապահով ափ։ 

Տիկին Սեդայի օրինակը վառ օրինակ մըն է այն տիպար հայ մայրերու օրինակէն, որոնք ամէն ինչէ վեր դասած են սեփական ընտանիքի արժէքները ու նաեւ հնարաւորինս հասած  լիբանանահայ համայնքի կարիքներուն։

Խոնարհում իր բարի յիշատակին։

Յիշեցնենք, որ հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը կատարուած է Երկուշաբթի` 16 Հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 2:30-ին, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ  ալ  հանգուցեալի մարմինը  փոխադրուած եւ ամփոփուած է Ֆըրն ալ շըպաքի Ազգային Գերեզմանատուն։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն ու յատկապէս մեր թերթի բարեկամ՝ Արա Թորոսեանին։