Լիբանան- Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումները բացի անկէ, որ կը խօսի քաղաքական խոր ճգնաժամի մը մասին, կը խօսին նաեւ համատարած դառնալու քաոսի մը վտանգին մասին: Այս մասին երէկ դիպուկ յայտարարութիւն կատարած է «ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար երեսփոխան Միշէլ Աուն: Նախկին զօրավարը բառացիօրէն զգուշացուցած է բոլոր քաղաքիացիական շարժումները, որ խմորուող տագնապը կրնայ քաոսի տանիլ ամբողջ երկիրը: Աուն յիշեցուցած է, որ «արաբական գարուն»ը եղաւ աղետաբեր բոլոր արաբական տէրութիւններուն համար եւ ըսած, որ քանդումն ու աւերի վնասակար պիտի ըլլան ամբողջ երկրին համար: Նշենք, որ Աունի քաղաքական հակառակորդ կողմի կարեւոր խօսնակներէն մին Լիբանանի ներքին գործոց նախարար `Նոհատ Ալ Մաշնուք աւելի վաղ յայտարարութիւն մը ընելով նոյնպէս խօսած էր այն մասին, որ «արաբական փոքր տէրութիւն մը դրամական միջոցներ կը տրամադրէ երկրին մէջ խռովութիւններ կատարելու համար»: Այս բոլորէն անդին երկիրը կը սպասէ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի ընդհանուր երկխօսութեան նիստի հրաւէրին, որուն մասնակից պիտի ըլլան երկրի հիմնական քաղաքական ուժերը եւ, որ պիտի կայացուի յառաջիկայ 9 Սեպտեմբերին: Քաղաքացիական խմբաւորումները յայտարարած են, որ իրենք նոյնպէս բողոքի հաւաք պիտի կայացնեն երկխօսութեան նիստի օրը: Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց, Պէյրութեան փողոցներուն մէջ երեւելի դարձած ատելութեան մթնոլորտը եւ անարխիայի տանող իրավիճակները ժխտական նախանշաններ են այն մասին, որ Լիբանանը հեռու չէ ընկերային- տնտեսական նոր քաոսէ մը, որուն վնասները պիտի կրեն ոչ միայն քաղաքական իշխող խաւերը այլ ամբողջ երկիրը ու յատկապէս աղբի օրակարգով տառապող եւ տագնապող պարզ քաղաքացիները: