Պէյրութի կրթական ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ունեցող «Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան»ը, որ նաեւ յայտնի «Հայ Սքուլ» անունով օրերս բոլորած է իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։
Կրթական, ընկերային, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական մեծ աւանդ ունեցող վարժարանի հիմնադրման ոսկեայ յոբելեանը նշուած է սեղմ շրջանակի մը մէջ համերգի մը ճամբով։
Համերգին ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են նաեւ մեր թերթի ազնիւ բարեկամներ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանը եւ Համալսարանի միջոցառումներու համակարգող Տիկն. Միրա Եարտըմեանը։
Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ այդ առթիւ վարժարանի դիմատետրեան էջին վրայ ներակացուցած կարճ լրատւութիւնը։
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը իր հիմնադրութեան 100 տարին բոլորեց: Այս ուրախ առիթով, նախկին տնօրէններ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտ աշակերտներ եւ դպրոցին բարեկամներ հաւաքուած էին Շաբաթ, 7 Մայիսին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Assembly Hall-ին մէջ, ներկայ գտնուելու այս իւրայատուկ տօնակատարութեան: Դպրոցին երգչախումբը, շրջանաւարտներու նուագի երրեակը եւ երաժշտական կատարումները տարբեր փայլք տուին յոբելենական այս հանդիսութեան: Օրուան բանախօսին՝ Արթուն Համալեանին, խրախուսիչ խօսքերը յաւելեալ ուժ եւ ներդրում շնորհեցին ներկաներուն, կրկնապատիկ ուժերով շարունակելու երկրորդ հարիւրամեակը:
Բարի երթ եւ յարատեւ վերելք մեր սիրելի դպրոցին: