Հակառակ ամենադժուարին պայմաններուն, ԱՖՀԻԼ-ի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող «Զգուշ» առողջապահական պարբերականը արդէն 11 տարի կը շարունակէ իր անխափան երթը։
Ժամանակ մը, երբ Պէյրութը յայտնի էր իր քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային պարբերականներու գունեղ փունջերով, այսօր առկայ է «անապատացման» իրավիճակ մը, եւ այսօրուայ տխուր պատկերին հիմնական պատճառը տնտեսական եւ ընկերային այն բարդ պայմաններն են, որմէ կ՚անցնի փոքրիկ, սակայն իր արժէքներով մեծ Լիբանան երկիրը։
Ու այս բոլորի կողքին ի մի եկած են խումբ մը մարդիկ, որոնք կը շարունակեն հաւատալ իրենց սիրելի ծննդավայրին դերին ու առաքելութեան։
Նախաձեռնութեան հիմնական միտքը կը պատկանի լիբանանահայ համայնքային գործիչ, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Տիար Յակոբ Լատոյեանին, որ տարիներ առաջ յղանալով առողջապահական թերթ մը, հարթակ մը ստեղծելու, միտք բանին տէր կանգնած է այդ գաղափարին ու թեւ թիկունք տուած բոլոր անոնց, որոնք հաւատացած են «Զգուշ»ի նման օգտակար հարթակ մը ստեղծելու գաղափարին։ Ինչ խօսք, որ թերթն ունի արդիական տեսք, զայն դարձնելով հանրամատչելի եւ գրաւիչ եւ այդ գործին մէջ ալ կարեւոր գործ կատարած է հրատարակութեան մասնագէտ եւ տպագրական ասպարէզի մէջ աւանդի տէր դարձած՝ Տիար Սագօ Գասապեան։
Կարեւոր նախաձեռնութիւն է «Զգուշ» պարբերականը, մանաւանդ պատասխան է շատերու, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներու մահերգութիւնը ընելով զբաղ են։
Հարթակը նաեւ ըլլալով վեր-կուսակցական ամպիոն մը, առիթ կը ստեղծէ առողջապահական ոլորտի բոլոր ստեղծարար բժիշկներուն ու մասնագէտներուն, որ իրենց մասնագիտական գիտելիքները եւ առաքելութեան հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնը կիսեն մեր ժողովուրդի ամենատարբեր հատուածներուն հետ։
«Արեւելք» կը կիսէ «Զգուշ»ի մշտանորոգ յաջողութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթէ պարբերականին, խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որ կը հաւատան լիբանանահայ գաղութի իրական առաքելութեան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Զգուշ»ի վերջին համարի խմբագրականը:
Խմբագրական «Զգուշ»-ի.
Քաղցկեղը Կանխարգիլել` Նախազգուշութիւնը Հիմնական
Քաղցկեղը այլեւս պարզ հիւանդութիւն չէ. անիկա դարձած է 21-րդ դարու ամէնէն հիմնական առողջապահական մարտահրաւէրներէն մէկը: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, առանց աշխարհագրութեան տարբերութեան, սեռի կամ տարիքային խաւերու, անիկա կը սպառնայ մարդկային կեանքերու մեծ թիւին: Այսօր քաղցկեղը այլեւս անհատական ողբերգութիւն չէ, այլ` հասարակական, ընդհանրական, ընկերային եւ տնտեսական հարց:
Բժշկական գիտութիւնը աննախընթաց զարգացում ապրած է. ծինային քննութիւնները, նորագոյն պատկերային միջոցները եւ թիրախային դեղերը բազմապատկած են բուժման հնարաւորութիւնները: Բայց միաժամանակ հիւանդութեան տարածումը կը շարունակէ աճիլ: Պատճառը պարզ է` կանխարգիլման մշակոյթի բացակայութիւնը եւ պարբերական ստուգումներու անտեսումը: Այստեղ մեծ յոյս կը ներշնչէ ռուս գիտնականներու ձեռքբերումը. ըստ կատարուած յայտարարութեան մը, ըսած են, որ ռուս գիտնականներու ձեռքբերման շնորհիւ` կրցած են ամբողջովին փոխել քաղցկեղի դէմ պայքարի ուղին: Առաջին անգամ ըլլալով պատուաստ մը տուած է 100 առ հարիւր յաջողութիւն մարդկային փորձարկումներու ընթացքին` հսկայական յոյս ներշնչելով միլիոնաւոր հիւանդներու: Ի տարբերութիւն աւանդական բուժման ձեւերուն, այս նոր պատուաստը կը մարզէ մարմնի սեփական դիմադրողական համակարգը` ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ կերպով ճանչնալու եւ ոչնչացնելու քաղցկեղային բջիջները:
Կանուխ փուլին յայտնաբերուած քաղցկեղը յաճախ ամբողջովին կը բուժուի: Սակայն երբ ախտորոշումը ուշ կը կատարուի, բուժման կարելիութիւնները կը նեղնան: Ուրեմն նախազգուշական քննութիւնները պէտք է ընկալուին որպէս կենսական պարտականութիւն, ոչ թէ` կամաւոր ընտրանք: Մամոկրաֆիի, քոլոնոսքոփիի, թոքերու, մաշկի եւ արեան պարբերական քննութիւնները կրնան կեանքեր փրկել:
Մտահոգիչ է յատկապէս Լիբանանի պարագան: Վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանանը կը դասուի Միջին Արեւելքի մէջ քաղցկեղէն մահուան ամէնէն բարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրներու շարքին: Այս տուեալները պէտք է ըլլան ազդանշան` թէ՛ պետական իշխանութիւններուն, թէ՛ ժողովուրդին համար: Պետութիւնը պարտաւոր է ներդնել յստակ ռազմավարութիւն մը` ուղղուած կանխարգիլման, կանուխ ախտորոշման եւ մատչելի բուժման: Իսկ քաղաքացին պէտք է փոխէ իր մօտեցումը` հասկնալով, որ առողջութեան պէտք է հետեւիլ պարբերաբար, այլ ոչ միայն երբ հիւանդութիւնը մօտենայ:
Յաճախ կեանքի եւ մահուան միջեւ տարբերութիւնը մէկ պարզ քննութիւնն է, զոր մոռցած ենք կատարել: Այդ պարզ քայլը կրնայ փրկել ընտանիք մը, ծնող մը, զաւակ մը:
Քաղցկեղը չի զանազաներ հարուստ ու աղքատ, երիտասարդ ու ծեր: Սակայն ան կը զանազանէ գիտակիցն ու անտեղեակը: Մեր հասարակութեան առողջ ապագան կախեալ է մեր տեղեկութեան, մեր վախերուն փոխարէն` մեր գիտակցութեան վրայ:
Ժամանակն է գործելու, ոչ միայն բուժելու, այլ նաեւ` կանխարգիլելու:
Քաղցկեղը չի սպասեր, մենք ալ պէտք չէ սպասենք: Նախազգուշութիւնը հիմնական է: