image

Պելկորոտի մարզին մէջ իրավիճակը լարուած

Պելկորոտի մարզին մէջ  իրավիճակը լարուած

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պելկորոտի մարզին մէջ դաշնային արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է։ Այս մասին հաղորդած է ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ալեքսանդր Քուրենքովը։

«Կ'առաջարկեմ Պելկորոտի մարզին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը դասակարգել որպէս դաշնային նշանակութեան արտակարգ իրավիճակ եւ սահմանել արձագանգման դաշնային մակարդակ»,- ըսած է ան։

ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարը նշած է, որ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ կը շարունակուի մնալ բարդ ու լարուած։

«Պելկորոտի մարզի մէջ ուքրանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած ահաբեկչութիւններու հետեւանքով տուժած են բնակելի շէնքեր եւ ենթակառուցուածքներ, քաղաքացիներու շրջանակին մէջ կան զոհեր եւ վիրաւորներ»,- աւելցուցած է Քուրենքով։