Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բաւականին արագ կը կորսնցնէ ինքն իրեն ու փակ դռներու ետին կը պոռայ իր ենթականերու վրայ՝ օգտագործելով նաեւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ: Այս մասին գրած է Axios-ը։
Նախագահի արտայայտութիւններէն են՝ «Գրողը տանի, ինչպէ՞ս չես գիտեր դուն սա», «Մի՛ խաբեր զիս, գրողը տանի» եւ «Դուրս կորսուիր այստեղէն»։ Այս մասին ըսած են Պայտընի ներկայիս եւ նախկին օգնականները, որոնք ականատես եղած են նման պոռթկումներու:
Այսպիսի վերաբերմունքի կ'արժանան ե՛ւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, ե՛ւ օգնականները, որոնք նշանակալի պաշտօններ չեն զբաղցներ։ «Ոչ ոք պաշտպանուած է»,- Axios-ին ըսած է Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչը:
Axios-ը գրած է, որ Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալ այս թեմայով։
Թետ Քաուֆմանը, որ եղած է Պայտընի աշխատակազմի երկարամեայ ղեկավարը, երբ Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահը ներկայացուցած է Տելավերը Սենատի մէջ, Axios-ին ըսած է, որ անոր պահուածքը հիմնուած է քաղաքականութեան վրայ, ու անոր դարձուցած է զօրաւոր ղեկավար: