Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացումը նոր թեմա չէ, Ատրպէյճանի մէջ կը կառուցուի ճանապարհային ենթակառուցուածք, որ շուտով պիտի հասցուի Հայաստանի հետ սահման, այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նշած է, որ 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յատուկ կէտ կայ անոր վերաբերեալ. «այնտեղ յստակացուած են այն պարտաւորութիւնները, որոնք Հայաստանը կը ստանձնէ։ Այս թեման երկար ժամանակ քննարկուած է։ 3,5 տարուան քննարկումներէն յետոյ «ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն» արտայայտութիւնը կը համարենք ուշացած։ Այս պայմանաւորուածութիւնը պէտք է վաղուց ձեռք բերուած ըլլար։ Եթէ այս հարցի վերաբերեալ դեռ պաշտօնական փաստաթուղթ չկայ, եթէ Հայաստանն այս ուղղութեամբ աշխատանքներ չէ սկսած, ուրեմն դեռ բաց հարցեր կան: Իսկ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ երկար ժամանակ արագ ընթացքով աշխատանքներ կը տարուին ճանապարհային ենթակառուցուածքի ստեղծման ուղղութեամբ, որ շուտով կը հասցնի Հայաստանի հետ սահման»,- ըսած է ան:
Ան աւելցուցած է, որ ներկայիս ատրպէյճանական կողմի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է COP29-ի վրայ, եւ հայկական կողմի հետ հանդիպումը խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը քննարկելու համար մինչեւ դեկտեմբեր անհնար է։ Պայրամովի խօսքով՝ նման հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ դեկտեմբերին կամ յունուարին, սակայն յստակ պայմանաւորուածութիւն այս հարցով դեռ չկայ։