Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը յայտարարած է, որ Մոսկուայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներէն ոչ մէկը պիտի չեղարկուի, եթէ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը լուծուի «Ռուսիոյ պայմաններով», գրած է «Frankfurter Allgemeine Zeitung» թերթը։
Շոլց կոչ ըրած է համաքաղաքացիներուն պատրաստ ըլլալու պատժամիջոցային քաղաքականութեան տեւական հետեւանքերուն՝ հակառակ վարելանիւթի, սննդամթերքի ու ելեկտրականութեան արդէն իսկ բարձրացած գներուն։ Քաղաքական գործչի խօսքով՝ այս կերպ գերմանացի ժողովուրդն իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Ուքրանիոյ ու հոգ կը տանի սեփական անվտանգութեան։
Գերմանիոյ մէջ ընդգծած են, որ ՆԱԹՕ-ն այլեւս չի բացառեր Ռուսաստանի՝ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի տարածքի վրայ յարձակելու հաւանականութիւնը։ Շոլցի խօսքով՝ Պերլինը պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտութիւնը ըլլայ։