image

«Պատրաստ պէտք է ըլլանք Ռուսիոյ դէմ պատերազմին». ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

«Պատրաստ պէտք է ըլլանք Ռուսիոյ դէմ պատերազմին». ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

ՆԱԹՕ-ի երկիրները պէտք է պատրաստ ըլլան առաջիկայ 20 տարուան ընթացքին Ռուսիոյ հետ լիամաշտապ պատերազմի, զգուշացուցած է դաշինքի ռազմական կոմիտէի բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Հոլանտացի ծովակալ Ռոպ Պաուըր նախազգուշացուցած է, որ մեծ թիւով խաղաղ բնակիչներ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել, եթէ Եւրոպայի մէջ աւելի լայն պատերազմ սկսի, եւ այժմ կառավարութիւնները պէտք է սկսին աւելի մեծ պահեստային ուժեր հաւաքագրելու գործընթացը, գրած է The Telegraph:

Պաուըր կը նախագահէ ՆԱԹՕ-ի ազգային զինուած ուժերու ղեկավարներու կոմիտէն եւ ելոյթ ունեցած է Պրիւքսէլի մէջ յանձնաժողովի նիստէն յետոյ:

«Մենք պէտք է հասկնանք, որ մեր խաղաղ գոյութիւնը հենց այնպէս տրուած չէ։ Եւ այդ է պատճառը, որ մենք (ՆԱԹՕ-ի ուժերը) կը պատրաստուինք Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն ինչի։ Պէտք է այնպիսի համակարգ ստեղծենք, որ հնարաւորութիւն կու տայ պատերազմի համար աւելի շատ մարդիկ պատրաստել՝ անկախ անկէ, որ այդ տեղի ունենայ, թէ ոչ»,- ըսած է ան:

Պաուըր գոված է Շուէտը, որ իր քաղաքացիները նախապատրաստած է պատերազմին, նախքան երկիրը պաշտօնապէս միանայ դաշինքին։

«Ամէն ինչ կը սկսի ասկէ. գիտակցումը, որ ամէն ինչ չէ, որ կարելի է ծրագրել, եւ ամէն ինչ լաւ պիտի չըլլայ առաջիկայ 20 տարուան մէջ»,- ըսած է ան։