image

Պատմական առումով պաղեստինեան պետութեան ստեղծումն անխուսափելի է. Լաւրով

Պատմական առումով պաղեստինեան պետութեան ստեղծումն անխուսափելի է. Լաւրով

Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը պատմական տեսանկիւնէ անխուսափելի է, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը RT-ին տուած հարցազրոյցին։

Այնուամենայնիւ, ան նշած է, որ այժմ Կազայի հատուածի ապագայի վերաբերեալ քննարկումներու մեծ մասի մէջ «ուշադրութիւն չի տրուիր» Իսրայէլի կողքին պաղեստինեան պետութեան ստեղծման։

Լաւրովն ընդգծած է, որ մարտերու դադրեցումը եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծմանն ուղղուած միջոցներ ձեռնարկելը առաջնային խնդիր են պաղեստինա-իսրայէեան հակամարտութեան գօտիին մէջ։