25 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան ընդունած է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը, զօրավար-լեյտենանտ Կենատի Անաշքինը եւ զօրավար-մայոր Միխայիլ Քոսոպոքովը:
Հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատարի տեղակալ, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատով ներկայացուցած է Արցախի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար, ՌԴ ազգային հերոս, զօրավար-լեյտենանտ Կենատի Անաշքինը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է զօրավար-լեյտենանտ Կենատի Անաշքինը՝ նոր պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւններ մաղթած խաղաղապահ առաքելութեան իրականացման ընթացքին:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է խաղաղապահ ուժերու արդէն նախկին հրամանատար, զօրավար-մայոր Միխայիլ Քոսոպոկովին՝ պաշտօնավարման ընթացքին պատշաճ ծառայութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթած հետագայ գործունէութեան մէջ:
Կողմերը բարձր գնահատած են Ռուսաստանի Դաշնութեան ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման եւ գոհունակութիւն յայտնած Արցախի մէջ իրականացուող ՌԴ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութեան կապակցութեամբ:
Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ: