Չեխիոյ նախագահ ընտրուած է պաշտօնաւարտ զօրավար՝ Փեթր Փաւելը, յայտնած է gazeta.ru-ն։
Շուտով Փրակայի մէջ կը սպասուի Փաւելի մամլոյ ասուլիսը։ Անոր յաղթանակը հաստատած է Չեխիոյ վարչապետ՝ Փեթր Ֆիալան։
Փաւելի գլխաւոր մրցակիցը Չեխիոյ նախկին վարչապետ՝ Անտրէյ Պապիշն էր։
Նոր նախագահի երդմնակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 մարտին։
28 յունուարին Չեխիոյ մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի վերջին օրը։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Չեխիոյ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի առաջատարը բանակի զօրավար՝ Փեթր Փաւելն է: