image

Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չստորագրէ Երեւանի առաջարկած տարբերակով. Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չստորագրէ Երեւանի առաջարկած տարբերակով. Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Ատրպէյճան անընդունելի կը համարէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն այն պարագային, երբ ներկայիս համաձայնեցուած է պայմանագրի բնագրի միայն 80%-ը։ Այս մասին Report-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն։

«Հայկական կողմը կ՚առաջարկէ կնքել խաղաղութեան պայմանագիր՝ հիմնուելով ներկայիս համաձայնեցուած դրոյթներու վրայ։ Սակայն ատրպէյճանական կողմը նման մօտեցումն անընդունելի կը համարէ եւ բազմիցս յայտարարած է այդ մասին։ Կայ կանոն, որ փաստաթուղթը համաձայնեցուած չի համարուիր, քանի դեռ ատոր բոլոր կէտերը համաձայնեցուած չեն: Կարելի է միայն ըսել, որ այս պահուն փաստաթուղթի դրոյթներու մօտ 80%-ը համաձայնեցուած է։ Բայց դուք չէք կրնար պարզապէս բացառել չհամաձայնեցուած կէտերը»,-ըսած է Հաճիզատէն:

Անոր խօսքով՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը կայուն ու յաջող ըլլայ, անհրաժեշտ է յստակեցնել այն խնդրայարոյց հարցերը, որոնք կը մնան շարք մը ոլորտներու մէջ։

«Ընդհանուր առմամբ, համաձայնագրի նախագիծը ստորագրելու համար Հայաստանը պէտք է առաջին հերթին համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որ ներկայիս տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Քանի դեռ Հայաստանն իր օրէնսդրական արձանագրութիւններէն չէ բացառած այդ պնդումները, երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան մասին խօսք ըլլալ կարելի չէ»,- ընդգծած է Հաճիզատէն։