image

Պաքուի մէջ հայ գերիներու դատավարութիւնը կը շարունակուի

Պաքուի մէջ հայ գերիներու դատավարութիւնը կը շարունակուի

 

Անտեսելով միջազգային հանրութեան կոչերն ու յորդորները՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն անօրինական կերպով իրենց մօտ պահել եւ դատել գերեվարուած հայերը:

 

Աւելի վաղ արդէն հաղորդուած է դատական քանի մը ​​գործերու մասին. սկիզբը` երկու, այնուհետեւ` տասնչորս գերիներու նկատմամբ:

Երէկ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած են նոր քրէական գործի մասին, այս անգամ տասներեք գերեվարուածներու նկատմամբ: Ինչպէս նախապէս, հաղորդուած են միայն մի քանիի անունները՝ Յովհաննիսեան Հայկազ Կորիւնի, Մանուկեան Վարազդատ Անուշաւանի, Ստեփանեան Դաւիթ Ստեփանի, Թոսունեան Լեւան Աշոտի: Ինչպէս նախապէս, ներկայացուած են ահաբեկչութեան եւ սահմանի ապօրինի հատման անհեթեթ մեղադրանքներ: