image

Պաքու պիտի բողոքէ ՄՈԿ-ին դէմ. Պատճառը Արցախի դէպքերու յիշատակումն է

Պաքու պիտի բողոքէ ՄՈԿ-ին դէմ. Պատճառը Արցախի դէպքերու յիշատակումն է

Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մտադիր է «France 2» հեռատեսիլային ալիքի հաղորդավար Լորան Տելաուսի՝ Փարիզի մէջ կայացած խաղերու բացման ժամանակ ըրած յայտարարութեան համար բողոք ներկայացնել Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ (ՄՈԿ):

Տեղեկութիւնը յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ատրպէյճանական կողմին զայրացուցած են հաղորդավարի ըսած խօսքերը  նաւարկող խումբերու շքերթի ժամանակ։

«Եւ, ի հարկէ, մեր հայ ընկերները․․․Հայաստանը պատմականօրէն ֆրանսացիներու սրտին մօտ երկիր է։ Անցեալ տարին հայ ժողովուրդի համար սգոյ եւ Ատրպէյճանի ձեռքին մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի անկման տարի դարձաւ»,- ըսած է հաղորդավարը, երբ յատնուած են  հայ մարզիկները։