Պաքուի մէջ, ի պատասխան Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, Փարիզին խորհուրդ կու տան «դադրեցնել միջամտութիւնը Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»։
Նշենք, որ հերթական դիւանագիտական գայթակղութիւնը տարածուած է լրտեսութեան մեղադրանքներու շուրջ։ Դեկտեմբեր 4-ին Պաքուի մէջ ձերբակալուած է Ֆրանսայի քաղաքացի Մարթին Ռիանը, ատկէ շատ չանցած ֆրանսացի երկու դիւանագէտ յայտարարուած է «փերսոնա նոն կրաթա» եւ վտարուած է։
Նախօրէին Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը AFP-ին տեղեկացուցած էր, որ «Ֆրանսայի քաղաքացին անհիմն կերպով ձերբակալուած է Ատրպէյճանի մէջ, եւ Ֆրանսան կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել զինք»։
Մեկնաբանելով այս յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այհան Հաճիզատեն յայտնած է, որ «Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պնդումները ֆրանսացի քաղաքացիի անհիմն ձերբակալման մասին կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը, այդ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն եւ օրինական հետաքննութեան գործընթացին միջամտելու հերթական փորձ է»։
«Ատրպէյճանական կողմը, նշեալ ֆրանսացի քաղաքացիի հանդէպ միջոցներ ձեռնարկելով, լիովին հետեւած է ազգային օրէնսդրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն։ Կասկածեալի ձերբակալման պահէն Ֆրանսայի դեսպանութեան հիւպատոսական վարչութեան աշխատակիցները քանի անգամ այցելեած են անոր, եւ անոնք լիովին տեղեկացուած են քրէական գործի մասին»,-ըսած են Ատրպէճանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Հաճիզատէն նշած է, որ «հակառակ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաւոր բողոքագիր ուղարկած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն՝ հարցի ուսումնասիրման նպատակով (Ֆրանսայի դեսպանութեան երկու աշխատակիցներու հետ նշուած անձի համագործակցութեան մասին), ֆրանսական կողմը հրաժարած է որեւէ բացատրութիւն տալ եւ համագործակցիլ հետաքննութեան հետ։ Եւ այդ պատճառով դեսպանութեան աշխատակիցները Ատրպէյճանի կողմէ յայտարարուած են անցանկալի անձինք»։