Ան նշած է, որ յունուարէն ոչ մէկ հաղորդագրութիւն ստացած է:
Ալիեւը նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն աւելի վաղ զանգած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: «Ես չեմ գիտեր ինչի մասին խօսած են անոնք, սակայն հաւասարակշռութիւնը խախտուած է: Ես չեմ ըսեր, որ անոնցմէ զանգ կը սպասեմ, սակայն անոնք կը ներկայացնեն Մինսքի խումբը: ԱՄՆ-ն պէտք է հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերէ»,-ըսած է ան:
Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ԱՄՆ վարչակազմէն ստացած միակ հաղորդագրութիւնը եղած է Նէյրուզի կապակցութեամբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի շնորհաւորանքը: