image

Պապը չի պատրաստուիր Քիեւ այցելել

Պապը    չի պատրաստուիր Քիեւ այցելել

Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փիեփրօ Փարոլինը յայտնած է, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կը ցանկանար առաքելական այց կատարել Ուքրանիա, սակայն ներկայ իրավիճակին մէջ նման այց իմաստ պիտի չունենայ: 

Անոր խօսքով` Ուքրանիա առաքելական այց կատարելու ցանկութիւնը վառ կը մնայ Ֆրանչիսկոս պապի սրտին մէջ:

«Սակայն անոր իրականացումը պայմանաւորուած է երկրին մէջ իրավիճակի իրական բարելաւման նպաստելու հնարաւորութեամբ: Ինչպէս ինք բացատրած է` այցը իմաստ պիտի չունենայ, եթէ յաջորդ օրը նախկինին պէս պատերազմը վերսկսի», ըսած է պետական քարտուղարը:

Պետական քարտուղարը նաեւ ընդգծած է, որ Հռոմի պապը պատրաստ է ընելու ամէն ինչ, որպէսզի նպաստէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան շուտափոյթ աւարտին: