Hetq.am-ը կը գրէ՝ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Երեւանի մէջ թանկարժէք բնակարան գնած է ։
Գործարքը տեղի ունեցած է 2022-ի ամրան։ Սուրէն Պապիկեան կնոջ՝ Արմինէ Մուրատեանի հետ նոր բնակարան գնած է, որ դեռ չէ յանձնուած շահագործման։
Նորակառոյց շէնքը կը գտնուի Արշակունեաց պողոտայ 18/4 հասցէ՝ նոր ձեւաւորուող «Բիւրեղ» բնակելի թաղամասը։ Շէնքն ամբողջութեամբ կառուցուած է, կ'ընթանան երեսպատման եւ ներքին յարդարման աշխատանքներ։
Կալուածագրային (Քադաստր) կոմիտէէն ստացուած տուեալներուն համաձայն, Սուրէն Պապիկեանի եւ Արմինէ Մուրատեանի անունով, բնակելի համալիրի (Դ մասնաշէնք) «կառուցուող շէնքէն բնակարան ձեռք բերելու իրաւունքը» գրանցուած է 2022 -ի ամրան՝ յուլիս 27-ին։
«Հետք» այլ աղբիւրէ յաջողեցաւ պարզել, որ նորակառոյց շէնքը գտնուող բնակարանը 165 քառակուսի մեթր է, իսկ գործարքի գինը կազմած է 69 միլիոն դրամ։ Այս գումարը բնակարանը ձեռք բերելու ամսուան դրութեամբ Կեդրոնական դրամատան սահմանած տարադրամի միջին փոխարժէքով կազմած է 168 հազար ԱՄՆ տոլար (1 ԱՄՆ տոլարը 410 դրամ): Այսինքն՝ 1 քմ-ի արժէքը յուլիս 27-ի դրութեամբ կազմած է 1019 տոլար։
Մանրամասնութիւնները՝ սկզբնաղբիւր կայքին մէջ։