Լիբանան- («Ալ Ժատիտ»-Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին Պաղեստինեան խմբաւորումնե , կոչ ուղղած են Արեւմտեան գրաւեալ ափի եւ Կազայի մէջ ցոյցեր կարզմակեպելու:Արեւմտեան ափի եւ գրաւեալ Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինցի երիտասարդներու եւ Իսրայէլեան բանակի միջեւ սաստիկ բախումներ տեղի կ'ունենան, զորս կը գուշակուի ըլլալ երրորդ ինթիֆատայի զարթօնք: Այս յարձակումներուն եւ բախումներուն, որպէս արդիւնք, 32 նահատակ եւ հարիւրաւոր զոհեր եղան Պաղեստեան կողէն, իսկ 7 մահ եւ տասնեակ վիրաւորներ իսրայէլի զինուորներէն եւ վերաբնակեցեալ բնակիչներէն:Իսրայէլեան զինուորներ, ոստիկանութիւն եւ սահմանապահեր զրահներ կրած, մեծ թիւով տարածուած են Երուսաղէմի մէջ, հսկողութեան տակ առնելով հրապարակները, գլխաւոր խաչմերուկները, շրջելով այն վայրերուն մէջ, ուր զիրենք տեսնելը արտասովոր կը թուի:ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի տեւական ներկայացուցիչ Րիատ Մանսուր տեղեկացուց թէ Պաղիստինցիները Մակի ապահովական գրասենեակէն պիտի խնդրեն Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ միջազգային հսկող ուժեր տարածելու հնարաւորութիւնը, որպէսզի վայրագութիւնները կեցնելու օգտակար դառնան: Մանսուր ըսաւ, թէ այս խնդրանքը Արաբական պետութիւններու կողմէ, որպէս ծրագիր պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդին, յստակացնելով, թէ հոն պիտի պահանջուի Իսրայէլեան ուժերու քաշուիլը հակամարտութեան շրջաններէն եւ Արեւելեան Երուսաղէմի Աքսա մզկիթին շուրջ միջազգային հսկող ուժեր տարածելը: Եւ ըսաւ «Կը կարծենք որ անհրաժեշտ է հսկողներ կամ միջազգային ուժեր տարածել ապահովելու ներկայ վիճակը եւ պահպանելու մզկիթ աղօթքի գացող Պաղեստինցիները» նաեւ շեշտեց «Ներկայ վիճակով մեր ժողովուրդին պաշտպանութիւն ապահովելը անհրաժեշտութիւն է, սկսեալ հին քաղաքէն մինչեւ Աքսա մզկիթ»Եւ աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի օրէնսդրական գրասենեակը 44 էջերէ բաղկացած վաւերաթուղթ պատրաստած է, ուր կը մանրամասնէ Պաղիստինցիներուն պաշտպանութեան ընտրանքները, սակայն անհրաժեշտ է որ ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդը սերտէ պատրաստուած նախագիծը: