image

Նասրալլա երրորդ «Ինթիֆատա»ի կոչ ըրաւ

Նասրալլա երրորդ «Ինթիֆատա»ի կոչ ըրաւ

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, երէկ, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի որոշումը դատապարտող եւ Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի զօրակցող խաղաղ ցոյց եղած է, որուն մասնակցած են հազարաւոր քաղաքացիներ: Ցոյցը իրականացած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:

Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանած ճառին մէջ պաղեստինեան երրորդ ինթիֆատայի կոչ ըրած է, դիմադրութիւնը համարելով Թրամբի յայտարարութեան հակադարձելու լաւագոյն միջոց:

Իր խօսքին մէջ Նասրալլա նաեւ  արաբական կառավարութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու կոչ ուղղեց՝ Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու ուղղութեամբ:


Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեց տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ Երուսաղէմի յօգուտ արձանագրուող ժողովրդային բոլոր շարժումները, որոնք մերժեցին ամերիկեան որոշումը: