Կ՚ուզենք Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի համար հնարաւոր դարձնել դիմելը խիզախ քայլերու, որոնք անոնց կը հեռացնեն Ռուսիայէն. այս մասին ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձանաժողովի Եւրոպայի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան համագործակցութեան ենթայանձնաժողովի նիստին ըսած է Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը։
«Հայաստանն այն թեման է, որուն ԱՄՆ-ն շատ ժամանակ կը տրամադրէ: Քանի մը ամիս առաջ հանդիպած ենք վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ հաստատած Ռուսիայէն Հայաստանի Հանրապետութեան կախումը նուազեցնելու նոր հարթակ: Հայաստանը գրեթէ ամբողջովին՝ տնտեսապէս եւ ուժանիւթային առումով կախուած է Ռուսիայէն: Մենք պէտք է բազմազանեցնենք այն»,-ըսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնականը:
Փոխնախարարը կարեւոր քայլ համարած է այս շաբթուան վերջը «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահներու հեռացումը․ «Այդ իսկապէս կարեւոր է շարք մը պատճառներով։ Նախ, անոնք կը վերահսկեն միջազգային օդակայանը, եւ այնտեղ է, որ տեղի կ՚ունենայ պատժամիջոցներու շրջանցման մէկ մասը: Մենք պիտի տեսնենք, թէ արդեօք Ռուսիան կը յարգէ Հայաստանի ինքնիշխան ցանկութիւնը, որ հեռանայ այդ տարածքէն»։
Օ’Պրայընի խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխուժ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման: Ան կը կարծէ, որ Երեւանն ու Պաքուն հիասթափուած են իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին Մոսկուայի ներգրաւուածութենէն։
Ըստ անոր, ԱՄՆ կը դիտարկէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն դէպի համաշխարհային շուկաներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով նոր ցամաքային ճանապարհ ստեղծելու հնարաւորութիւնը՝ շրջանցելով Ռուսիան եւ Չինաստանը։
«Մենք մեծ ջանքեր կը գործադրենք, որ խաղաղութեան ցանկութիւնը յստակ ամրագրուի համաձայնագրին մէջ: Ընդամէնը մէկ բան կ՚ըսեմ, թէ ինչու այդ այդքան կարեւոր է: Նայեցէ՛ք քարտէզին: Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները աներեւակայելի հարուստ են, եւ այժմ համաշխարհային շուկաներ մուտք գործելու անոնց միակ տարբերակը Ռուսիոյ կամ Չինաստանի միջոցով է: Եթէ մենք կարողանանք ճանապարհ բանալ, որ կ՚անցնի Հայաստանով կամ Ատրպէյճանով, ապա անոնք ելք կ՚ունենան դէպի համաշխարհային շուկաներ եւ շատ աւելի քիչ կախուած կ՚ըլլան Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն»,- ըսած է Օ’Պրայընը Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին։