image

Օր 23. Մոսկուա-Ուաշինկթըն մեծ փոհրաձգութիւն. Կամ պիտի յաջողի՞ Եւրոպայի «ազատագրում»ը

Օր 23. Մոսկուա-Ուաշինկթըն մեծ  փոհրաձգութիւն. Կամ  պիտի յաջողի՞ Եւրոպայի  «ազատագրում»ը

Այս բոլորէն անդին ու Ամերիկացիներու կողմէ   համաշխարհային տնտեսութեան մեծ բանալիները լաւ մը դիտարկելէ ետք, Մոսկուա առաջ կը տանի  Չինական դրամանիշը ուժեղ եւ նոյնիսկ հաւասարազօր  տնտեսական զէնք մը դարձնելու այլընտրանքը,   տեղ մը աշխարհի գերհզօր ուժին՝ ԱՄՆ-ին ըսելով «կը բաւէ ալ այսքան»ը։

Այս բոլորէն անդին անշուշտ դիւանագիտական  բաւականին արագընթաց զարգացումներուն եւ  եռուզերի կողքին յստակ է,որ գետնի վրայ ըլլալիք զարգացումները դարձեալ յենարան պիտի ըլլան Ռուսաստանին, անկախ անկէ, թէ ԱՄՆ  (եւ ներկայիս միայն ԱՄՆ)  ինչքանով եւ ինչքան մեծ գումար արժող մեծաքանակ  եւ գերարդիական զէնքեր կը փորձէ հասցընել դէպի Ուքրանիա։

Լեհաստանի հետ Ուքրանիոյ սահմանային հատուածը (ցամաքային) կը գտնուի Ռուսական կրակի ամբողջական նշանակէտին տակ ու յստակ է նաեւ, որ շատ մեծ բարդութեանց պարագային Մոսկուա իր զինանոցէն կրնայ  հանել  այնպիսի զէնքեր, որոնց մասին   կարելի է պատկերացումներ ունենալ միայն ու միայն կրակի ահաւորութիւնը տեսնելէ ետք։

Խաղը բաց է, ու   այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, ու հակառակ մեծ ճնշումներուն  Մոսկուա ամբողջական առումով մտած է այս խաղին մէջ,  հաւանաբար նաեւ այն մօտեցումով, որ « իմ սկսած կրակս, միայն ես պիտի դադրեցնեմ», որովհետեւ երկարատեւ պատերազմի մը   գոյացման պարագային մեծագոյն վնասողը Եւրոպայի կողքին պիտի ըլլայ Ռուսաստանը։

 

 

«Այրած գետիններու քաղաքականութիւն»ը 

Ծանր հրթիռակոծումները կը շարունակուին եւ յստակ է արդէն, որ պատերազմի ընթացք առնելէն ասդին Ռուսական կողմը կը փաստէ այն մօտեցումը, որ նախ պէտք է ընկճել, ծունկի բերել կեդրոնական քաղաքները ու ապա անցնիլ աւելի աշխոյժ ռազմական գործողութիւններու։

Գետնի վրայ ընթացող զարգացումները այդ կը յուշեն ու երեւելի է նաեւ, որ Ռուսաստանի հեռահար հրթիռները կը բանին բոլոր ուղղութիւններով։ Այս փաստը ինչ որ տեղ նաեւ ջուրի երես կը հանէ այն հիմնական փաստը, որ Ռուսական բանակը ի հեճուկս Ուքրանիոյ կողմէ գործի դրուած դիմադրական մեծ ճիգերուն, կարողացած է «կրակի ապահովման» խնդիրը լուծել։

 Կը նկատենք նաեւ, որ մայրաքաղաք Քիէւ կը շարունակէ հանդիսանալ հիմնական թիրախ եւ մայրքաղաքի գիշերը սկսած են դառնալ իրապէս մղձաւանջային։ Երէկ առաւօտ օրինակի համար, քաղաքը իր քունէն ելած է նկատելով, որ գիշերային ծանր հարուածներու հետեւանքով կեդրոնական շրջաններուն մէջ զոհուած մարդոց թիւը անցած է 30-ը։

Սա միայն հրթիռակոծութիւններու հետեւանքով ինկած զոհերու թիւն է, ու մարդկային իրաւանց պաշտպան մարմինները կը յայտարարեն, որ միայն անզէն քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերուն թիւը անցած է 600-ը, ու եթէ այս թիւերը հաստատուին, այդ անշուշտ կը նշանակէ, որ պատերազմը մղող երկու կողմերու զոհերուն թիւը շատ աւելի մեծ է քան 500-ը  կամ 600-ը։

Միւս կողմէ պատերազմին հետեւանքով երկրէն խոյս տուող քաղաքացիներու հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Ու բացայայտ է, որ մինչեւ այս պահը փախստականներու թիւը գերադասած է միլիոնը։

Փախստականներու մեծագոյն մասը ներկայիս կը գտնուի Լեհաստան եւ այս առումով ալ Վարշաւան դարձած է փախստականները ընդունելու եւ անոնց նախնական օժանդակութիւն տալու Եւրոպայի սիրտը։ 

Անշուշտ չպէտք է մոռնալ, որ գաղթականաց այս խնդիըրը, տակաւին երկար կտրուածքով պիտի շարունակուի ու նաեւ մեծ «գլխացաւանք» դառնայ, ոչ միայն Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն այլ նաեւ պիտի թափանցէ ու հասնի դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներւ եւ իր ծանր հետեւանքները թողու, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքակրթական ընդհանուր պատկերին վրայ։ 

Այս մարդիկ, որոնք կրակի ու մահուան յորձանուտներէն խոյս տուին, երբեւեցիէ, եւ նոյնիսկ պատերազմական գործողութիւններէն ետք պիտի փափաքին Ուքրանիա վերադառնալ։ Երկիր մը, որ ամէն օր աւելիով կը քանդուի եւ որուն վերակառուցումը տասնեակ տարիներու կը կարօտի։

 

Պայտըն «կրակ կը ժայթքէ», սակայն ի զո՞ւր

Եթէ միջազգային լրահոսի կարեւորագոյն բովանդակութիւնը «մաղել» փորձենք պիտի նկատենք, որ Ուքրանիոյ   ներկայացուցիչները, եւ նոյնիսկ երկրի առաջին դէմք ՝Վոլոտիմիր Զէլէնսքին սկսած է աւելի «մեղմ»  ոճով մը արտայայտուիլ, իր գլխաւոր հակառակորդ- թշնամիին ՝  Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին մասին, իսկ ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա  յայտնի է արդէն, որ այս պատերազմի սկիզբէն ի վեր վերը նշուած երկու նախագահներու կողքին կեդրոնական  «դեր» մը վերցուցած ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, կարծէք դէմ «կորսնցուցած» է իր ջիղերը եւ  կ՚օգտագործէ այնպիսի բառամթերք, որ ոչ միայն օգտակար չէ, այս մեծ տագնապը լուծելու տեսակէտէն, այլ  մանաւանդ յարիր եւ վայել չէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նման   գերտերութան մը առաջին դէմքին։

 Պայտըն առանց վարանելու Փութինը կը կոչէ «Պատերազմի ոճրագործ»  մէկդի դնելով այն կարեւոր հիմունքը, ըստ որուն ԱՄՆ, որպէս կեդրոնական խաղացող իրաւունք չունի նման որակումներու երթալու։ Տեղի ունեցածը  պարզապէս  պատերազմական  հրաձգութեան մը նմոյշն է ու յստակ է, որ  ռազմական գործողութիւններու աւարտին, եւ  ոչ շատ ուշ ժամանակի մը  Պայտըն դարձեալ «ստիպուած» պիտի ըլլայ  խօսելու Փութինին հետ, ու մէկդի դնելով իր մէջ կուտակուած ատելութիւնը անոր  ձեռքը թօթուելու։

Այս կը թելադրէ  «Ռէալ փոլիթիք»ի   հիմնարար կանոնը, որ նաեւ այբ ու բեն մըն  աշխարհի քաղաքական բեռը իրենց ուսերուն վերցուցած  գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Բաց աստի  ԱՄՆ կը շարունակէ  այս պատերազմին (եւ այլ պատերազմներու պարագային ալ)  համար իր որդեգրած քաղաքականութեան գործելաոճին ընթացք տալ, այն իմաստով որ գերակշռող կը մնայ  «մենք չենք կռուիր, բայց   պատրաստ ենք ամէն տեսակի զէնք ուղարկելու» մօտեցումը, որուն հիմամբ ալ Պայտըն  ժամ առաջ կը ստորագրէր  վաւերաթուղթի մը վրայ, որուն հիմամբ  Ութ հարիւր միլիոն ամն տոլար  օգնութիւն մը  պիտի տրամադրուի Ուքրանիոյ։

 Արեւմտուտքը եւ յատկապէս ԱՄՆ մեծ ուրախութեամբ կ՚ողջունէ Քիէւին ռազմական  օժանդակութիւն տրամադրելու  բոլոր մակարդակի քայլերը, հակառակ անոր, որ այդ քայլով անոնք, ոչ թէ պիտի յաջողին «փրկել» Քիէւը,  այլ պատճառ պիտի դառնան  զոհերու թուաքանակի  աճին, ու նաեւ «սատարեն»  յաւելեալ  աւերածութեանց եւ կործանումի։

Միջնորդաւորուած պատերազմներու այս մօտեցումը նորութիւն մը չէ Արեւմուտքին եւ մասնաւորապէս ԱՄՆ-ին համար, ու սպասելի չէ, որ այս բարդ ժամանակներուն անոնք  «բարեփոխութեան» ենթարկեն իրենց մօտեցումները ու ինչ որ միջոցներով նպաստեն հեղեղի վերածուած արիւնահոսութեան դադրեցման։

Անշուշտ առկայ է նաեւ  մօտեցում, որուն հիմամբ ալ ԱՄՆ մեծ  ճնշումներ կը գործադրէ  Զէլէնսքիի վրայ, որպէսզի վերջինս ոչ մէկ զիջումի երթայ ու չնստի բանակցութեանց սեղանին։

 

Այդ ճնշումներուն մասին   կը խօսուի տարբեր հարթակներու վրայ, սակայն ուշագրաւն այն է, որ Զէլէնսքին սկսած է  փոխել, կամ առնուազն «բարեփոխել» իր մօտեցումները մինչեւ անգամ յայտարարել (երկիրը կործանելէ ետք), որ իրնց համար ՆԱԹՕ-ի  անդամ դառնալը, ոչ այդքան կարեւոր է կամ մօտաւորապէս ըսել .«ՆԱԹՕ-ն ում ուշն է որ...»։

 

Մոսկուա կեդրոնն է՞ այս «խաղ»ին. BBC-ի   «անմեղ» դիտարկումը

Ռազմականին եւ «հրձիգ» յայտարարութեանց կողքին դիւանագիտական առումով ալ  կարեւոր  զարգացումներ կը գրանցուին։ Խօսքը մասնաւորապէս վերջին օրերուն դէպի Մոսկուա տեղի ունեցող  «դիւանագիտական  արշաւ»ի մը մասին, որուն  հիմնական ատաղձին մէջ կարեւորագոյն տեղ մը կայ տնտեսական երեսակին վրայ։ 

Այս առումով  մեծ  մեծ նշանակութիւն ունեցաւ  Իրանի եւ ապա հերթաբար Քաթարի, Թուրքիոյ եւ երէկ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ԱԳ նախարարներուն դէպի Մոսկուա տուած այցելութիւնները, որոնք ինչ որ տեղ «պատասխան»  են Մոսկուան «ընդհանուր պաշարման» տակ ձգելու  «ընդհանրական» միտումներուն։

Այս առումով  երէկ BBC-ի լրագրողը, որ հարցազրոյց մը կը կատարէր   ԱՄՆ Արտաքին գերատեսչութեան   աշխատակիցներէն ՝ Քրիսթիան  Ճէյմսին հետ, որուն ընթացքին ալ լրագրողը (գուցէ դիտմամբ) հարց կուտար ամերիկացի իր խօսակիցին  դիտարկելով, թէ «Տեսէք մինչ ԱՄՆ նախագահը «կրակ կը ժայթքէ» Ռուսաստանի ուղղութեամբ, անդին քանի-քանի երկիրներու  Արտաքին Գերատեսչութեանց պատասխանատուներ  Մոսկուա կը ժամանեն եւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կը կայացնեն  իրենց ռուս գործընկերներուն հետ, հետեւաբար այս բոլոր  հարց կը ստեղծեն, որ արդեօ՞ք Մոսկուան  «կեդրոնն» է այս տագնապին, այն իմաստով, որ խաղի կանոններ թելադրողն ու ու կերպով մըն ալ խաղը «ձեւաւորող»ն է՞։» 

 Կարծեմ  մեր  ընթերցողներուն համար ալ  աւելորդ մեկնաբանութեան չի կարօտիր այս դիտարկումը։ Այլ խօսք, որ BBC-ի  այս մօտեցումը  յատուկէն եղած դիտարկում է, կամ ոչ, սակայն իրերը եւ դէպքերու զարգացումները, նոյնիսկ պատիժներէն ետք ստեղծուած վիճակը ցոյց կու տան, որ Արեւմուտքին համար ու մասնաւորապէս Եւրոպայի համար Ռուսաստանի դերը  անփոխարինելի դեր մըն է։ 

 Ռուսաստան իր կամքը կը թելադրէ Իրանի «ռազմական թեւ»երուն եւ  «եզերք»ներուն վրայ ու կը յաջողի շարժել այդ թեւերը։

 Ռուսաստան շատ սերտօրէն կը գործէ Անգարայի հետ, եւ կերպով մըն ալ   կը պահէ Անգարան Արեւմուտքի բոլոր մակարդակի  «գրոհներ»էն ու այսօր այդ  ճանապարհէն վերադարձին կը գործակցի  ու յաւելեալ դեր կը տրամադրէ Թուրքիոյ ու կը յաջողի։

 Ի վերջոյ Մոսկուա  մեծապէս կ՚արժէւորէ արաբական նաւթի «պապա»ներուն մեծագոյն դերը, մինչեւ ծայր կ՚երթայ անոնց հետ ու կերպով մըն ալ Սէուտցիներու, բայց մանաւանդ Քաթարի եւ Էմիրութեանց հետ   կը սակարկէ  Ռուսական կազին այլընտրանք մը ստեղծելու  «խութ» եւ անհարթ վիճակներուն մասին ու դարձեալ այստեղ ալ կրնայ յաջողիլ, տրուած ըլլալով, որ Ամերիկայի կողմէ ռուսական կազին  այլընտրանք ստեղծելու բոլոր   տիպի փորձերը  ցարդ տեղ մը չհասան։

 Այս բոլորէն անդին ու Ամերիկացիներու կողմէ   համաշխարհային տնտեսութեան մեծ բանալիները լաւ մը դիտարկելէ ետք, Մոսկուա առաջ կը տանի  Չինական դրամանիշը ուժեղ եւ նոյնիսկ հաւասարազօր  տնտեսական զէնք մը դարձնելու այլընտրանքը,   տեղ մը աշխարհի գերհզօր ուժին՝ ԱՄՆ-ին ըսելով «կը բաւէ ալ այսքան»ը։

Այս բոլորէն անդին անշուշտ դիւանագիտական  բաւականին արագընթաց զարգացումներուն եւ  եռուզերի կողքին յստակ է,որ գետնի վրայ ըլլալիք զարգացումները դարձեալ յենարան պիտի ըլլան Ռուսաստանին, անկախ անկէ, թէ ԱՄՆ  (եւ ներկայիս միայն ԱՄՆ)  ինչքանով եւ ինչքան մեծ գումար արժող մեծաքանակ  եւ գերարդիական զէնքեր կը փորձէ հասցընել դէպի Ուքրանիա։

Լեհաստանի հետ Ուքրանիոյ սահմանային հատուածը (ցամաքային) կը գտնուի Ռուսական կրակի ամբողջական նշանակէտին տակ ու յստակ է նաեւ, որ շատ մեծ բարդութեանց պարագային Մոսկուա իր զինանոցէն կրնայ  հանել  այնպիսի զէնքեր, որոնց մասին   կարելի է պատկերացումներ ունենալ միայն ու միայն կրակի ահաւորութիւնը տեսնելէ ետք։

Խաղը բաց է, ու   այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, ու հակառակ մեծ ճնշումներուն  Մոսկուա ամբողջական առումով մտած է այս խաղին մէջ,  հաւանաբար նաեւ այն մօտեցումով, որ « իմ սկսած կրակս, միայն ես պիտի դադրեցնեմ», որովհետեւ երկարատեւ պատերազմի մը   գոյացման պարագային մեծագոյն վնասողը Եւրոպայի կողքին պիտի ըլլայ Ռուսաստանը։

 

 

Սագօ Արեան 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...