Լիբանանահայ աշխոյժ խօսնակ եւ երկար տարիներով Պէյրութի հայկական եթերներով հանդէս եկած Սարմէ Մինասեանին մասին «Արեւելք» տարբեր առիթներով գրած է։
Գրած ենք անոր առողջական խնդիրներուն ու նաեւ ապագինման յոյսերուն եւ բուժման ընթացքին մասին։
Սարմէն որպէս անձնաւորութիւն դրական մեծ շունչ ունեցող անհատ է, որուն համար ալ հայութեան աւանդն ու Հայաստանի հանդէպ սէրը մնայուն եւ անխախտելի արժէքներ են։
Այսօր Սարմէն դարձեալ մեր օգնութեան կարիք ունի։
Կարիք ունի մեզմէ իւրաքանչիւրի նեցուկին, հաշուի առնելով նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակը։
Այս առթիւ ալ անոր երկու դուստրերը՝ Սարին եւ Վանայ օրերս հրապարակած են սրտառուչ նամակ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք նաեւ, որ նամակի աւարտին նշուած են այն հասցէները, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական օժանդակութիւն հասցընել Սարմէ Մինասեանին.
Առողջութիւն կը մաղթենք Տիկին Մինասեանին ու ստորեւ կը ներկայացնենք համացանցի ճամբով եւ անոր դուստրերու գրիչով խմբագրուած նամակ-կոչը.
Օգնենք Սարմէին՝ պայքարելու քաղցկեղին դէմ:
«Բարեւ բոլորիդ: Մայրս՝ Սարմէն, վերջին 5 տարիներուն կը պայքարի քաղցկեղի դէմ: 2016-ին, բժիշկները զինք ախտորոշեցին multiple myloma-ով, որ արեան քաղցկեղի հազուագիւտ տեսակ մըն է։ Ան ոսկրածուծի պատուաստումի գործողութեան ենթարկուեցաւ եւ վերջին 5 տարիներուն՝ պարբերաբար դարմանումի ենթարկուեցաւ հիւանդանոցին մէջ` թիրախը հակակշռի տակ պահել էր քաղցկեղը եւ երկարել անոր կեանքը։ Մարտ 2021-ին, բժիշկները մայրս ախտորոշեցին նաեւ leukemia-ով եւ ոսկրածուծի նոր պատուաստումի մը եւ երկարատեւ դարմանումի կարիքը զգացուեցաւ, բուժելու համար leukemia-ն եւ «քնացած» վիճակի մէջ պահելու համար multiple myloma-ն:
Մարտ 2021-էն ի վեր, մայրս իր օրերուն մեծ մասը կ'անցընէ հիւանդանոցին մէջ. իսկ նուազագոյն կեցութիւնը 4 շաբաթ է։ Մայրս կ'ենթարկուի շեշտուած chemotherapy դարմանումներու, բազմաթիւ առիթներով արեան եւ platlet-ներու ներարկման, անհամար քննութիւններու եւ կը գործածէ բազմապիսի դեղեր։ Ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը ցցուին նոր մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, զորս մայրս քաջաբար կը դիմագրաւէ։ Պարզ բաներ, ինչպէս՝ գրել, խօսիլ, քալել վերածուած են մարտահրաւէրի։ Իսկ մնայուն հիւանդանոցի բնակիչ դառնալը, դեղորայքը, քննութիւնները եւ խնամքը կ'ենթադրեն մեծ գումարներ, որուն գոյացման համար դարձեալ կը դիմենք ձեզի սիրելի բարեկամներ եւ ընկերներ։ Ձեր նիւթական ներդրումը մօրս առիթ պիտի տայ ճիշդ ժամանակին օգտուելու դարմանումի որակաւոր միջոցներէն։
Մայրս կին մըն է, որ ջերմութիւն, դրական մթնոլորտ, ծիծաղ եւ սէր կը տարածէ ո՛չ միայն իր ընտանիքին եւ ընկերներուն մօտ, այլեւ բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպի: Վերջին տարիներու իր անզուգական դրական ոգիով եւ վճռականութեամբ, մայրս ցոյց տուաւ, թէ ինք առիթ պիտի չտայ, որ որեւէ տեսակի քաղցկեղ իրմէ խլէ այն բոլոր լաւ բաները, որ ինք կը հաւատայ եւ կը բաշխէ իր շուրջիններուն:
Անգամ մը եւս ձեռք երկարելով մեզի, դուք առիթ պիտի տաք, որ Սարմէին ջանքերը, ձեր նիւթական աջակցութեան եւ բժշկական որակաւոր խնամքին միանալով, Սարմէն վերադառնայ իր առօրեայ կեանքին, ընտանիքին եւ հարազատներուն աշխուժ եւ առողջ:
Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար, եթէ կը փափաքիք ձեռք երկարել Սարմէին, կրնաք դիմել հետեւեալ հաշիւներուն՝
Those of you who wish to extend their support can do so by donating to the following bank accounts at:
Bank Audi
Dollar Account
00173295-0007
IBAN LB10
0056 0000 0000 0017 3295 0007
LBP Account
00173295-0006
IBAN LB37
0056 0000 0000 0017 3295 0006
Lebanese Bank Rate Dollar (3900 LBP)
00173295-0005
IBAN LB64
0056 0000 0000 0017 3295 0005
Կամ Western Union/Online Money Transfer OMT
կամ կանխիկ նուիրատուութիւններու միջոցով
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել ինծի/Facebook, Վանա Մինասեան՝ +96176583693
Կամ իմ քրոջս/ Facebook: Սարին Մինասեան՝ +96171142478 »: