image

Նոր թռիչքներ պիտի բանանք Աստանայի եւ Երեւանի միջեւ. Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարար

Նոր թռիչքներ պիտի բանանք Աստանայի եւ Երեւանի միջեւ. Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարար

Ղազախստանի եւ Հայաստանի միջեւ օդային հաղորդակցութիւնը զարգացնելու համար նոր թռիչքներ պիտի մեկնարկեն։ Այս մասին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մուրաթ Նուրթլէուն։

«Հայաստանի մէջ աւելի քան 100 կազմակերպութիւն գրանցուած է, որոնք ղազախական ներդրում ունին, իսկ Ղազախստանի մէջ նմանատիպ 435 ընկերութիւն կայ։ Այս ձեռնարկատէրերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժի համար մենք նոր թռիչքներ պիտի բանանք Երեւանի եւ Աստանայի միջեւ»,– նշած է Նուրթլէուն։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ միջմայրցամաքային ծրագրերու մէջ Հայաստանը Ղազախստանի համար չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի։ Ըստ Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարարի` առեւտրատնտեսական, ձեռնարկատիրական ներդրումային համագործակցութիւնն ամրացնելը կրնայ զգալի ազդակ հաղորդել երկու երկրի զարգացման։

Նուրթլէուն վստահեցուցած է` երկու երկրի միջեւ փոխգործակցութեան հիմքը առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն են։ Դիւանագէտը շեշտած է, որ վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ արտահանման մակարդակն աճած է 23 տոկոսով` 53 միլիոն տոլարով։ Ան յոյս յայտնած է, որ այն դեռ պիտի շարունակէ աճիլ։

«Այս պահի դրութեամբ ոչ հումքային առեւտուրի բնագաւառին մէջ Ղազախստանը դէպի Հայաստան արտահանումը կրնայ աճեցնել 70 կէտով։ Այսինքն այդ կրնայ նշանակել 350 միլիոն տոլար»,–ըսած է ղազախ դիւանագէտը։

Նշենք, որ Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան ժամանած է մարտ 17-ին` երկօրեայ այցով։