image

Նոր մանրամասնութիւններ երկու հայուհիներու կեանքը խլած Ալմէլոյի ոճիրէն

Նոր մանրամասնութիւններ երկու հայուհիներու  կեանքը  խլած  Ալմէլոյի  ոճիրէն

Առաւօտուն  «Արեւելք»     տեղեկութիւն տարածած էր  Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած  զազրելի ոճիրի մը մասին, որուն զոհ  գացած էին երկու հայուհիներ։

Դէպքին մասին յաւելեալ  տեղեկութիւններ  տուած է  լրագրող  Սագօ  Արեանը, որ մասնաւորապէս գրած է 

  «Նոր մանրամասնութիւններ  ունեցայ Հոլանտայի  Ալմելո քաղաքին մէջ երկու հայուհիներու կեանքը  խլած   ահաւոր ոճիրէն։  Ինչպէս կ՚երեւի   տեսանիւթին մէջ   ոճրագործութիւնը  կատարողը անոնց հարեւանն է, որ  հոգեկան խնդիրներ ունի։ Ոճրագործը  ելեկտրական նիզակի  ճամբով  սպաննած է  մեր  հայրենակիցները եւ բաւականին  սառնասիրտ  մօտեցումով։ 

 Տխուր   եւ զայրացնող  տեսարան։

 Տեսանիւթը  Հոլանտական  կայանի մը  դվիթերեան  էջէն»։

 

  Յիշեցնենք, որ    աւելի վաղ  ՀԲԸՄ-ի   Հոլանտայի մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն վերահասու դարձած էինք   տիկիններ՝   Մարալ Տէր Մովսէսեան (որ Հոլանտայի  ՀԲԸՄ-ի  նախագահն էր)  եւ Ծնունդ Քարթանաքեան    զոհ գացած էին  անարգ ոճիրի եւ սպանութիւնը կատարողը անոնց  հոգեկան խնդիրներ ունեցող հարեւանն էր։