Ատրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Ներքին Սուս, Աղաւնօ եւ Բերձոր բնակավայրերու 150 բնակչի արդէն փոխհատուցման վկայագրեր յանձնած են: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Նեքին Սուսի գիւղապետ Մխիթար Ներսիսեան:
«Դեռ նոր են յանձնել սերտիֆիկտաները մարդիկ դեռ չեն օգտուել, պէտք է տուն գտնեն, որ կարողանան օգտուել»,-ըսած է ան:
Ներսիսեան նշած է, որ իրենք յուշակոթողները հիմնական տեղափոխած են Հայաստան կամ Արցախ, գերեզմաններէն ալ արտաշիրիմում ըրած են, այլ վայրեր տեղափոխած:
«Միայն մի խաչքար կար, որը մնացել էր, ատրպէյճանցիները ոչնչացրել են, կոտրուած խաչքար էր, դեռ հնուց մնացած»,-ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներուն տեղեկացուցած է, որ մինչեւ 25 օգոստոս պէտք է լքեն իրենց տուները։ Բնակչութեան հիմնական մասը բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ: