image

Նեփալի մէջ երկրաշարժ. Նախնական տուեալներով զոհուած է 128 մարդ

Նեփալի մէջ  երկրաշարժ.  Նախնական տուեալներով զոհուած է    128 մարդ

Նեփալի եւ Հնդկաստանի սահմանին երէկ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժի հետեւանքով Նեփալի մէջ զոհուած է առնուազն 128 մարդ։ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը յայտնած է՝ կ՚ենթադրուի, որ զոհերու թիւը կ՚աճի, քանի որ շարք մը լեռնային շրջաններու հետ կապը խաթարուած է։

Բացի այդ, ոստիկանութեան ներկայացուցիչը AFP գործակալութեան յայտնած է, որ եւս 100 մարդ տուժած է ստորգետնեայ ցնցումներու հետեւանքով։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ նոյեմբեր 3-ին, Հնդկաստանի ու Նեփալի սահմանին 6,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։