image

ՆԱԹՕ-ն Ռուսիոյ սահմաններու մօտ մինչեւ 300 000 զինծառայող պիտի աւելցնէ. Politico

ՆԱԹՕ-ն Ռուսիոյ սահմաններու մօտ մինչեւ 300 000 զինծառայող պիտի աւելցնէ. Politico

ՆԱԹՕ-ն գարնան պիտի ներկայացնէ թարմացուած տարածաշրջանային պաշտպանութեան ծրագիրը, յառաջիկայ ամիսներուն դաշինքը կը նախատեսէ զօրացնել խմբաւորումը Ռուսիոյ սահմաններու մօտ, յայտնած է Politico ամերիկեան հրատարակութիւնը։

Պաշտօնեաները, որոնց կը վկայակոչէ հրատարակութիւնը, ըսած են, որ այս ծրագիրը կ'ենթադրէ ՆԱԹՕ-ի 300 000 զինծառայողի ներգրաւում։ 2022 թուականի յունիսին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը յայտարարած էր շուտով 300 000 զինուորական  բարձր պատրաստութեան վիճակի բերելու ծրագրերու մասին: Այս ծրագրերու վերաբերեալ շատ դաշնակիցներ ստիպուած պիտի ըլլան մեծցնել պաշտպանական ծախսերը եւ աւելի շատ զէնք գնել, նշած է թերթը։

Politico-ն թուարկած է ՆԱԹՕ-ի պատրաստութեան երկու հնարաւոր մակարդակ. առաջին մակարդակի զօրախումբը կրնայ բաղկացած ըլլալ մօտ 100 000 զինուորէ, որոնք տեղափոխման պատրաստ պիտի ըլլան 10 օրուան ընթացքին: Զօրակազմը կրնայ հաւաքագրուիլ Լեհաստանէն, Նորվեկիայէն եւ Պալթեան երկիրներէն (Էսթոնիա, Լաթվիա եւ Լիթվա): Այս մասին յայտարարած է պաշտպանական քաղաքականութեան հարցերով ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի նախկին օգնական Հայնրիխ Պրաուսը։ Այս զօրախումբը կրնայ ներառել բազմազգ մարտական խումբեր, որոնք դաշինքը արդէն ստեղծած է արեւելեան թեւին մէջ:

Երկրորդ զօրախումբը  պիտի աջակցի այնպիսի երկիրներու զինուորականներուն, ինչպիսին է Գերմանիան. այս զօրախումբի զօրակազմը տեղափոխման պատրաստ պիտի ըլլայ 10-30 օրուան ընթացքին:Փետրուարէն ի վեր Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕ-ի խմբաւորումներու թիւն աճած է 2,5 անգամ եւ կազմած աւելի քան 30 000 մարդ, 2022 թուականի նոյեմբերին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն։