Թուրքիան պիտի չմիանայ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով Ռուսաստանի դէմ շարք մը արեւմտեան երկիրներու պատժամիջոցներուն, յայտարարած է երկրին արտաքին գործոց նախարարը:
«Մենք կը համարենք, որ պատժամիջոցները խնդիրը չեն լուծեր: Օրինակ` օդային տարածքի փակումը: Մենք չենք կրնար զայն փակել Մոնթրիոյի ուխտին համապատասխան: Այդ իրաւական պարտաւորութիւն է», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Մինչդեռ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ, ինչպէս կը նշէ ռուսական պետական լրատուական գործակալութիւնը, Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրին մէջ յայտարարածէ, թէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը բոլոր անդամներէն, որոնց շարքին է նաեւ Թուրքիան, կը սպասէ Մոսկուայի դէմ սահմանափակումներու կիրառում: Ան յայտնած է, թէ այդ դիրքորոշումը ներկայացուցած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին:
Պաշտօնական Անգարան այս ամսուայ սկզբն ալ յայտարարած էր, որ հակուած չէ միանալու Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներուն: Թուրքիան կը ձգտի հաւասարակշռող դեր խաղալ ռուս - ուքրանական հակամարտութեան մէջ եւ իր միջնորդութիւնը կ'առաջարկէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ: Անթալիոյ համաժողովի ծիրին մէջ, մասնաւորապէս, Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կայացաւ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: