image

«ՆԱԹՕ-ն դէպի Արեւելք պիտի չընդլայնուէր, այդ մեր խոստումն էր» Քիսինճըրի «խոստովանութիւն»ը

«ՆԱԹՕ-ն դէպի Արեւելք պիտի չընդլայնուէր, այդ մեր խոստումն էր» Քիսինճըրի «խոստովանութիւն»ը

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգները Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովին խոստացած է չընդլայնել ՆԱԹՕ-ն դէպի Արեւելք, բայց՝ միայն բանաւոր։

Քաղաքական գործիչի խօսքով՝ գրաւոր համաձայնագրերու մէջ ամրագրուած ոչ մէկ պաշտօնական պարտաւորութիւն եղած է, այդ արտաքին գործոց նախարարութեան այն ժամանակուան ղեկավար Ճէյմս Պէյքըրի անձնական խոստումն էր։

«Ես գիտեմ, որ այդ ճիշդ է, բայց երբեք գրաւոր չէ արձանագրուած: Այնպէս որ, մենք ճիշդ կ'ըսենք, որ պաշտօնական ոչ մէկ պարտաւորութիւն եղած է»,-ըսած է Քիսինճըր:

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ եւրոպական երկիրները դէմ են Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելուն։ Քաղաքական գործիչը աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ՝ դաշինք մտնելու հակառակորդները բացատրած են, որ այդ «հարցը մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ»։