image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն պիտի ձերբակալուի, եթէ Հունգարիա այցելէ. Հունգարիոյ նորընտիր վարչապետ

Նաթանիահուն պիտի ձերբակալուի, եթէ  Հունգարիա այցելէ. Հունգարիոյ նորընտիր վարչապետ

Հունգարիոյ «Տիսա» կուսակցութեան առաջնորդ Փեթեր Մատեարը, որ շուտով պիտի ստանձնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը, յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Հունգարիա այցելէ՝ պիտի ձերբակալուի։ Այս մասին Մատեարը յայտարարած է Պուտափեշտի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

Մատեարը շեշտած է, որ ինքը յստակ դիրքորոշում յայտնած է Իսրայէլի վարչապետին վերաբերեալ։ Ան նշած է, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը յայտարարած է Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) անդամ մնալու եւ այդ գործընթացը պահպանելու իր մտադրութեան մասին։

 

«Ես յստակ հասկցուցած եմ [Իսրայէլի] վարչապետին։ Եթէ որեւէ մէկը Միջազգային քրէական դատարանի անդամ է, եւ հետախուզման մէջ գտնուող անձը մուտք կը գործէ մեր երկրի տարածք, ան պէտք է ձերբակալուի»,– ըսած է Մատեարը։

2024-ի նոյեմբերին Միջազգային քրէական դատարանը ձերբակալման հրամաններ արձակած էր Բենիամին Նաթանիահուի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթի նկատմամբ։ Այդ որոշումէն ետք Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանոն յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրները կը սատարեն Միջազգային քրէական դատարանին եւ պարտաւոր են կատարել դատարանի հրամանները, ներառեալ Նաթանիահուի ձերբակալութիւնը։

Սակայն 2025-ի ապրիլին Հունգարիոյ գործող վարչապետ Վիքթոր Օրպանը յայտարարած էր Միջազգային քրէական դատարանէն երկրի դուրս գալու որոշման մասին՝ դատարանին կողմէ Նաթանիահուի դէմ որոշում արձակելէն ետք։ Կառավարութեան ղեկավարը այն ժամանակ պնդած էր, որ այդ միջազգային դատական մարմինը վերածուած է քաղաքական գործիքի։ Այդ յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք Նաթանիահուն այցելած էր Պուտափեշտ եւ հանդիպում ունեցած Օրպանի հետ։