Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի համար թաքստոց-ամրակառոյցներ պատրաստուած են՝ Իրանի կողմէ յարձակման ենթարկուելու պարագային երկիրը այնտեղէն ղեկավարելու համար, յայտնած է timesofisrael.com-ը:
Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւններու պատրաստած ստորգետնեայ թաքստոցը նախատեսուած է քանի մը հարիւր մարդու համար:
Ան կը գտնուի Ալ-Քուտս շրջանին մէջ (Երուսաղէմ) եւ ունի աշխատասենեակներ, բնակելի տարածքներ, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապի կեդրոն։ Թաքստոցները պաշտպանուած են հրթիռային յարձակումներէ։
Կը նշուի, որ շուրջ 20 տարի առաջ կառուցուած թաքստոցները վերջին տաս ամիսներու ընթացքին, երբ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ ռազմական գործողութիւնները սաստկացած են, Նաթանիահուի կողմէ չեն օգտագործուած:
Նշենք, որ աւելի վաղ timesofisrael.com-ը յայտնած էր, որ Իսրայէլը կը պատրաստուի Իրանի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման կողմէ յառաջիկայ օրերուն հնարաւոր յարձակումներուն եւ կ՚ենթադրէ, որ յարձակումները կրնան ըլլալ քանի մը ճակատներէ:
Իրան, իր լիբանանեան դաշնակից «Հըզպալլա»-ի եւ պաղեստինեան «Համաս»-ի հետ, Իսրայէլը կը մեղադրեն չորեքշաբթի օր Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան համար: Անոր սպանութիւնը տեղի ունեցած էր Պէյրութի մէջ Իսրայէլի հասցուցած հարուածէն քանի մը ժամ ետք , ուր սպաննուած էր «Հըզպալլա»-ի ռազմական ղեկավար Ֆուատ Շուքրը: Իսրայէլ ստանձնած է Շուքրիի սպանութեան պատասխանատւութիւնը, սակայն պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած Հանիյէի սպանութիւնը: Թէ՛ Իրանը, թէ՛ «Հըզպալլա»-ն խոստացած են վրէժ լուծել անոնց սպանութեան համար:
Իսրայէլի անվտանգութեան կառոյցները կը գտնուին «ամենաբարձր զգօնութեան» վիճակի մէջ, իսկ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշինքի անդամները, ներառեալ Մեծ Բրիտանիան եւ արաբական դաշնակից երկիրները, որոնք նպատակ ունին խափանել Իրանի հնարաւոր յարձակումները, կը փորձեն զսպել եւ կասեցնել ատոնք: