image
Հրատապ լուրեր:

Նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանին կարեւոր պաշտօն

 Նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանին կարեւոր պաշտօն

Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան հանգամանալից պաշտօն ստանձնած է։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիտանեանի դիմատետրի էջէն, գրուած է, թէ Արաբական Զբօսաշրջութեան գործակալութեան կողմէ Կիտանեանին եղած է առաջարկ դառնալու անդամ նոյն մարմնի խորհրդատուներու խորհուրդին։

 Նշենք, որ իր պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին Աւետիս Կիտանեան հանդիսացաւ աշխոյժ եւ աշխատասէր նախարար մը եւ իր դրական քայլերով կարողացաւ Եւրոպական մակարդակի յուսադրիչ ձեռքբերումներ գրանցելով արաբական աշխարհին Լիբանանի հանդէպ արդէն իսկ առկայ հետաքրքրութիւնը աւելիով ծաւալել։

Այս նոր պաշտօնը, բացի անկէ, որ ունի խորհրդանշական իմաստ եւ ընկալում, այնուհետեւ բառացուցականօրէն աւելիով կ՚իմաստաւորէ լիբանանահայ գործիչի մը արաբական նման բարձր ամպիոնի մը անդամութիւնը, որ նաեւ կրնայ պատուհան մը դառնալ նոր նուաճումներու ընդառաջ։

 

 Յաջողութիւն կը մաղթենք պրն. Կիտանեանին։