Երէկ` 27 յուլիս 2021-ին Վատիկանի Թանգարաններու սրահին մէջ սկիզբ առաւ Պետական Քարտուղարութեան միջոցներու օգտագործման համար, յատկապէս Լոնտոնի Պալատի վաճառքին հայող դատավարութեան առաջին նիստը, որուն համար ամբաստանուած են 10 անձինք։
Դատավարութեան այս առաջին նիստը տեւեց գրեթէ եօթը ժամ, որուն ներկայ գտնուեցան փաստաբաններ, լրագրողներ, ոստիկաններ ու ամբաստանեալներէն միայն երկուքը` Գերապայծառ Մաուրօ Քարլինօ, եւ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն, որ այս հարցին համար Քահանայապետի կողմէ զարկուեցաւ Կարդինալական իրաւասութիւններէն։
Նիստի աւարտին Կարդինալ Պեչչու անգամ մը եւս ուզեց հաստատել թէ ինք «հնազանդ է Քահանայապետին» ու թէ «վստահութիւն ունի դատաւորներուն վրայ, որոնք լաւապէս պիտի կարողանան քննարկել հարցերը ու պիտի ճանչնան իմ անմեղութիւնս» ըսաւ Ան։
Գրեթէ եօթը ժամ տեւած դատավարութեան աւարտին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ամբաստանուածներու փաստաբանները Դատարանի Նախագահը Տիար Ճուզեփփէ Փինիաթոնէ որոշեց յաջորդ նիստը գումարել յառաջիկայ 5 հոկտեմբերին։
Վատիկանի նորագոյն պատմութեան մէջ ամենամեծ քրէական դատավարութեան համար լսումները կը կայանան Վատիկանի թանգարաններու մեծ դահլիճին մէջ, որ դատարանի դահլիճի վերափոխուած է:
Ամբաստանեալները, ինչպէս կը պնդուի, տարբեր դերեր ունեցած են գործողութիւններուն մէջ, որոնք Սուրբ Աթոռին փաստացի տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ արժած են, նուիրաբերուած միջոցներէն` վատ ներդրումներու, փողերու ստուերային կառավարիչներու հետ գործարքներու եւ ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու համար ենթադրեալ ծառայութիւններու պատճառով:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել