Բանագնացներու նշանակումէն յետոյ արդէն յաջորդ փուլերուն նաեւ այլ քայլեր պիտի ձեռնարկուին ընդհուպ մինչեւ դեսպանութիւններու բացում: Կը կարծեմ շատ կարեւոր է, որ սկզբնական փուլին բանակցային սեղանին նախապայմաններ չկան, քանի որ կարգաւորման նախորդ փորձերու` ֆութպոլային դիւանագիտութեան, ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն ժամանակ նախապայմաններու պատճառով յառաջընթաց չեղաւ:
Անգարայի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններ իրականացնող փրոֆեսոր Եըլտըզ Տեւեճի Պոզքուշը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-թրքական կարգաւորման բանակցութիւններուն, չի բացառեր, որ նախապայմանները կրնան հետագային օրակարգ գալ, բայց ոչ այս փուլին:
«Կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը շատ կարեւոր էր, քանի որ գիտենք, որ երկար տարիներէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ շատ խնդիրներ կան եւ դիւանագիտական կապեր չունինք: Բանագնացներու նշանակումէն յետոյ արդէն յաջորդ փուլերուն նաեւ այլ քայլեր պիտի ձեռնարկուին ընդհուպ մինչեւ դեսպանութիւններու բացում: Կը կարծեմ շատ կարեւոր է, որ սկզբնական փուլին բանակցային սեղանին նախապայմաններ չկան, քանի որ կարգաւորման նախորդ փորձերու` ֆութպոլային դիւանագիտութեան, ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն ժամանակ նախապայմաններու պատճառով յառաջընթաց չեղաւ», կ'ըսէ Պոզքուշ:
Անգարան մշտապէս կը յայտարարէ, որ Երեւանի հետ կարգաւորման քայլերը պիտի համակարգէ Պաքուի հետ: Փրոֆեսորին կարծիքով, հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները թէեւ զուգահեռ չեն, բայց փոխկապակուած են. «Երեւանի ու Պաքուի յարաբերութիւններուն բարելաւումը անկասկած պիտի ազդէ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: Այդ պատճառով ալ Երեւանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելով նոյն կերպ ալ պէտք է Պաքուի հետ կարգաւորման երթայ եւ ուշադիր ըլլայ այս հարցին մէջ»:
Պոզքուշի կարծիքով, թէեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ վստահութեան բարձրացման համար կողմերը նախ շեշտը պէտք է դնեն տնտեսական ու առեւտրային կապերու հաստատման վրայ, բայց կարեւոր է նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու երկխօսութիւնը: «Գուցէ առեւտրային, տնտեսական, մշակութային շարք մը քայլեր ըլլան, երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները ներգրաւուին, Երեւանի եւ Անգարայի համալսարաններու, գիտնականներու միջեւ համաժողովներ, հանդիպումներ կրնան ըլլալ: Այս գործընթացին մէջ նաեւ կարեւոր է մամուլի լեզուն, այդ պատճառով ալ երկու երկիրներու լրագրողները եւս կրնան շփումներ ունենալ»:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած էր, որ բանագնացներու յաջորդ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին վստահութեան բարձրացման միտուած քայլերը: Ուշագրաւ է, որ թրքական «Daily Sabah»-ը, յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն, նախօրէին գրած էր, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու մոսկովեան հանդիպումէն յետոյ Անգարան կը ձգտի, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: