image

Նախագահ Սիսիի Հայաստան այցը. Նոր հեռանկարներ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեան

 Նախագահ Սիսիի  Հայաստան այցը. Նոր հեռանկարներ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեան

 

Նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի  Հայաստանայցը. Նոր հեռանկարներ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեան 

 

Տարածաշրջանային այցի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսին: Եգիպտոսի նախագահը Հայաստան այցելելէ առաջ Ատրպէյճան էր:

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ Արմէն Մազլումեան, 168.am-ի հետ զրոյցին անդրադառնալով Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի Հայաստան առաջին պատմական այցին, կարեւորած է այն քանի մը տեսանկիւնէ:

«Նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի այցը Հայաստան կը համընկնի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը հետ՝ հաշուի առնելով Ուքրանա-ռուսական ճգնաժամի հետեւանքով միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրները, նաեւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, ի մասնաւորի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ: Այս այցը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ կը բանայ նոր հեռանկարներ»,- նշած է Արմէն Մազլումեան:

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետը տարածաշրջանային խնդիրներուն մասին իր դիտարկումներուն մէջ շեշտած է, թէ Հայաստանը 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն յետոյ բախում կ'ունենայ լուրջ մարտահրաւէրներու հետ:

«Պատերազմին Հայաստանի պարտութենէն յետոյ Պաքուի կողմէ Երեւանի վրայ մեծ ճնշում կայ Թուրքիոյ ռազմական եւ քաղաքական աջակցութեան շնորհիւ, ուստի Ատրպէյճան աւելի վստահօրէն կը գործէ եւ կը փորձէ պարտադրել իր ծաւալապաշտ օրակարգը՝ Հայաստանի ինքնիշխան հողերու, Արցախն ամբողջութեամբ խլելու, արցախահայութիւնը տեղահանելու եւ անոր պատմական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու հաշւոյն: Ատրպէյճան հայերու նկատմամբ ցեղապաշտական մօտեցում կը ցուցաբերէ, եւ 45 օր շարունակ փակած է Լաչինի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհն է, եւ պաշարած է Արցախ բնակող 120.000 հայեր, անոնց կարգին՝ 30.000 երեխաներ»,- մանրամասնած է Մազլումեան կարեւորելով Եգիպտոսի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Արցախի հարցով:

Արմէն Մազլումեան յիշեցուցած է, որ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները կը բնութագրուին հազարաւոր տարիներու վաղեմութեան պատմական իւրայատկութեամբ:

«Հայերու գաղթը Եգիպտոս բաժնուած է երկու փուլի՝ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անկէ յետոյ, երբ Եգիպտոսն ընդունեց Օսմանեան կայսրութեան ճնշումէն փախած հազարաւոր հայեր եւ ներառեց զանոնք եգիպտական հասարակութեան մէջ, անոնք նաեւ նպաստած են ժամանակակից Եգիպտոսի կառուցման»,- աւելցուցած է եգիպտահայ գործիչը:

 

 

 

 Նիւթը 168.am-էն 

  Պատրաստեց՝ Զառուհի Դիլանեան