ՆԱԹՕ-ի ուժերու ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Իրանի համար անընդունելի է։ Այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովի հետ հանդիպումներու ժամանակ։
«Զանգեզուրի միջանցքը Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերու ներկայութեան հիմք կը դառնայ, որ սպառնալիք է տարածաշրջանի երկիրներու ազգային անվտանգութեան համար։ Իսլամական հանրապետութիւնը վճռականօրէն դէմ է ատոր»,- նախագահի խօսքերը մէջբերած ԻՐՆԱ գործակալութիւնը՝ նշելով, որ Ռայիսին այդ մասին ըսած է ինչպէս Գրիգորեանի, այնպէս ալ Խալաֆովի հետ բանակցութիւններու ժամանակ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները, նշած է գործակալութիւնը, իրենց հերթին Իրանի նախարարներու գրասենեակի ղեկավարին մանրամասն զեկոյցներ ներկայացուցած են տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակի վերաբերեալ։