image

Նաեւ Կովկասի խնդիրները. Ի՞նչ խօսած են Պայտըն եւ Էրտողան

Նաեւ Կովկասի խնդիրները. Ի՞նչ խօսած են Պայտըն եւ Էրտողան

ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն G20-ի գագաթաժողովի ծիրին մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ:

Նախագահ Պայտըն ընդգծած է կառուցողական յարաբերութիւններ պահպանելու, համագործակցութեան ոլորտները ընդլայնելու եւ առկայ տարաձայնութիւնները արդիւնաւէտ կառավարելու իր ցանկութիւնը։

Ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ քաղաքական գործընթացը, կարիքաւոր աֆղաններուն մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը, Լիպիոյ ընտրութիւնները, իրավիճակը Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ եւ դիւանագիտական ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Նախագահ Պայտըն վերահաստատած է պաշտպանական գործընկերութիւնը եւ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, սակայն նշած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 զենիթահրթիռային համակարգերը գնելու շուրջ մտահոգութիւնը:

Ան նաեւ ընդգծած է ամուր ժողովրդավարական հիմնարկներու, մարդու իրաւունքները յարգելը եւ օրէնքի գերակայութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար: