«Մուսուլի ծանր դէպքերուն հետեւանքով տեղահանուած եւ Թուրքիա հասած հայորդիները ապահով վիճակի մէջ են եւ չեն ենթարկուիր խտրականութեան»,-«Արեւելք»ին յայտնեց պոլսահայ Տիանա Գամբարոսեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ մուսուլցի հայերուն նախնական օգնութիւններ տրամադրելու համար կազմուած է յատուկ մարմին մը, հովանաւորութեամբ Պոլսոյ պատրիարքարանին:
Մեր խօսակիցը, պարզելով փախստական դարձած հայորդիներուն ընդհանուր իրավիճակը, ըսաւ. «Մուսուլէն եւ Պաղտատէն տեղափոխուած հայորդիներ մեծամասնութեամբ հաստատուած են Եոզկատ. այլ քաղաքներու մէջ եւս կան հայեր, ինչպիսիք են՝ Գոնիա Այնթէպ, Թոքատ, Պուրսա եւ Տիւժի, սակայն 2-3 ընտանիքներու հաշուարկով: Եոզկատի հայութեան վիճակը ցաւալի չէ, բոլորն ալ բարեկեցիկ կեանք մը կը վարեն, իրենց իսկ վարձակալած բնակարաններուն մէջ եւ ազատօրէն կը շարժին քաղաքին մէջ»:
Ըստ մեր զրուցակիցին տիրապետած տեղեկութիւններուն, Եոզկատի մէջ բնիկ հայեր չեն մնացած, ու շատ հաւանական է, որ հոն մնացած հայերը կրօնափոխուած են:
«Ուզեցինք Պոլիս տեղափոխել զիրենք, սակայն նկատի ունենալով, որ Պոլսոյ մէջ կեանքը շատ աւելի սուղ է, չեմ չափազանցէր եթէ ըսեմ 8 անգամով, նախընտրեցինք, որ մնան Եոզկատ»,- աւելցուց Տիկին Գամբարոսեան:
Պատմելով ընտանիքներու կացութեան մասին, Տիկին Գամբարոսեան ըսաւ. «Հասնողներուն թիւը 74 էր, որոնցմէ 4-ը արդէն մեկնեցան: 3 ընտանիքներ ալ կան, որոնք շուտով կը մեկնին: Ուրիշ ընտանիք մը կայ, որ կը սպասէ մեկնումի իր հերթը, իբր գաղթական, դէպի Աւստրալիա: Վերջիններուն ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները Աւստրալիա հասած են՝ նախքան Մուսուլի տխուր դէպքերը: Եոզկատ հասած են նաեւ՝ 175 ասորիներ»:
«Որպէս հայ խտրականութիւն չկայ, պատահեցաւ, որ նախապէս տեղական թերթերը այս մասին ծանր բաներ գրեցին: Աւելի ուշ մենք քաղաքապետին հետ տեսակցեցանք, ինչպես նաեւ՝ մուսուլցի գաղթականներու հարցերով զբաղուող պատասխանատուին հետ եւ ըսեմ, որ բոլորն ալ շատ լուրջ կը մօտենան խնդիրներուն եւ առանց բարդացնելու կը լուծեն անոնց դիմագրաւած խնդիրները: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հեզասահ ձեւով կ'օժանդակէ, որ անոնց թղթատարական հարցերը լուծուին եւ կը հետեւի բժշկական բարդ վիճակներուն: Օրինակի համար, կին մը կայ՝ քաղցկեղէ կը տառապի, կառավարութիւնը Անգարայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը բուժէ զինք»,-նշեց Տիկին Գամբարոսեան:
Պոլսոյ պատրիարքարանի ունեցած դերակատարութեան մասին «Արեւելք»-ի զրուցակիցը ըսաւ. «Ընտանիքներու մեծ մասը պատրաստ եկած են Մուսուլէն եւ նիւթապէս բաւարարուած կ’ապրին, սակայն կարիքաւորներ ալ կան, որոնց նիւթական օժանդակութիւններ կ’ուղարկուին Պոլիսէն՝ ամսական դրութեամբ: Մուսուլի հայորդիներուն համար 2 անգամ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ: Առաջինը՝ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երկրորդին համար՝ մեծ սրահ մը վարձակալուեցաւ Եոզկատի մէջ: Բժշկական առումով հարցերը շուտով կը հետապնդուին. կային 2 երեխաներ, որոնք բժշկական խնդիրներ ունէին, զանոնք փոխադրեցին Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկը, ու լաւանալնէն ետք վերադարձան տուն:
«Մուսուլէն հասած մեր հայորդիները, հանգիստ կեանք մը կը վարեն Եոզկատի մէջ ու անոնք ազատ են իրենց ապրելակերպին ու շարժումներուն մէջ: Լաւ յարաբերութիւններ ունին իրար հետ եւ անընդհատ հաղորդակցութիւններ կան», եզրափակեց Տիկին Տիանա Գամբարոսեան: Նշենք, որ տիկին Տիանա Գամբարոսեան նոյնպէս ատենապետուհին է Պոլսոյ աղջկանց «Գաբոյեան որբանոց»ին:
Լուսանկարները ՝ «Ժամանակ» օրաթերթի