image

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ աւելի քան 20 թռիչք յետաձգուած ու չեղարկուած է

Մոսկուայի օդակայաններուն մէջ աւելի քան 20 թռիչք յետաձգուած ու չեղարկուած է

Մոսկուայի «Վնուքովօ», «Տոմոտետովօ» եւ «Շերեմեթեւօ» օդակայաններուն մէջ 21 թռիչք յետաձգուած է, եւս 2-ը` չեղարկուած։

Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

Հաղորդուած է, որ Մոսկուայի ժամանակով 06։55 (Երեւանի ժամանակով՝ 07։55) դրութեամբ՝ «Վնուքովօ» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 8 թռիչք, իսկ «Շերեմեթեւօ»ի մէջ՝ 3 թռիչք։

«Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 10 թռիչք, չեղարկուած՝ երկու։