image

Մոսկուայի մէջ կայացած է ԱՊՀ անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ կայացած է ԱՊՀ անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ կայացած է ԱՊՀ անդամ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը՝ հետախուզական գործունէութեան հարցերու շուր։ Այս ձեւաչափով սա արդէն 20-րդ հանդիպումն է։

Ինչպէս նշած են Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան մամուլի ծառայութենէն, դիտարկուած են համատեղ աշխատանքի արդիւնքները, քննարկուած են յառաջիկային ԱՊՀ երկիրներու հետախուզական ծառայութիւններու հետագայ փոխգործակցութեան խնդիրներն ու առաջնահերթութիւնները։

Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի եւ Ուզպեքստանի պատուիրակութիւնները։