image

Մոսկուայէն Հայաստան ուղարկուած է 6 թոն մարդասիրական օգնութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու համար

Մոսկուայէն Հայաստան ուղարկուած է 6 թոն մարդասիրական օգնութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու համար

Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ մարդկային իրաւանց յանձնակատար Թաթիանա Մոսքալքովայի «Սրտէ սիրտ» արշաւի շրջածիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու համար հաւաքագրուած մարդասիրական օգնութիւնը Մոսկուայէն ուղարկուած է Հայաստան։

ԹԱՍՍ-ը հաղորդած է, որ աջակցութիւնը հաւաքուած է Ռուսիոյ հայերու միութեան կողմէ մարդկային իրաւանց պաշտպանին ուղղուած դիմումի համաձայն, «Մոլորակ», «Վերածնունդ եւ յոյս» հիմնադրամներու եւ Ժողովրդական ճակատի աջակցութեամբ։

«Մարդասիրական օգնութիւնն այն մարդոց համար է, որոնք յայտնուած են կեանքի դժուարին իրավիճակի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղէն գալով Գիւմրի, Երեւան։

Ներառուած են անկողնային պարագաներ, ներքնակներ, առողջապահական պարագաներ երեխաներու համար, որոշակի կենցաղային տեխնիկա, պահածոյացուած շոգեխաշած միս, բացուող մահճակալներ։ Կը կարծեմ՝ այս ամէնն օգտակար կ՚ըլլան», -ըսած է Մոսքալքովան։

Բացի այդ, ան յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու ամանորեայ միջոցառումներ կազմակերպել Լեռնային Ղարաբաղէն երեխաներու համար, եթէ անոնք երթան Ռուսիա։

«Որովհետեւ մարդու իրաւունքները եւ գթասրտութեան առաքելութիւնն անքակտելիօրէն կապուած հասկացութիւններ են», -աւելցուցած է Մոսքալքովան: