image

Մոսկուան ճնշելն անօգուտ է. Փութինի բանբեր

Մոսկուան  ճնշելն  անօգուտ է. Փութինի բանբեր

Ռուսիա բաց է Ուքրանիոյ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ երկխօսութեան համար, սակայն Մոսկուային վրայ ճնշում գործադրելն անօգուտ է։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Լեհաստանի ղեկավարները Ռուսիոյ կոչ ըրած են համաձայնելու 30 օրեայ hրադադարին։