image

Մոսկուան մտահոգուած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը կրնայ մշտական դառնալ․ Կալուզին

Մոսկուան մտահոգուած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը կրնայ մշտական դառնալ․ Կալուզին

Ռուսիա մտահոգուած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան գործունէութեան ընդլայնմամբ, իսկ ատոր Գանատայի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը կը խօսի Հարաւային Կովկաս ՆԱԹՕ-ի սողացող ներթափանցման մասին։ Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:

Անոր պնդմամբ՝ Եւրոմիութիւնը կը փորձէ ամրապնդուիլ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ ի վնաս Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերու: Կալուզինի խօսքով՝ Մոսկուային կը մտահոգէ նաեւ այն, որ առաքելութիւնը կը յաւակնի ժամանակաւորէն դառնալ մշտական։

Միեւնոյն ժամանակ, ռուս դիւանագէտը համոզմունք յայտնած է, որ Եւրոմիութեան դիտորդներու աշխատանքի որեւէ շօշափելի արդիւնք չի նկատուիր։ «Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ Արեւմուտքը հետախուզական տուեալներ կը հաւաքէ ռուսական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարեւան բոլոր պետութիւններու վերաբերեալ»,-ըսած է Կալուզին:

Ան հերթական անգամ համոզմունք յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հնարաւոր է հասնիլ միայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարման հիման վրայ։