Մոսկուան միշտ գնահատած է եւ կը շարունակէ գնահատել եղբայրական կապերը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, մեր ռազմավարական գործընկերոջ եւ դաշնակցի հետ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Մոսկուայի մէջ հայ գործընկերոջ` Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ։
«Մենք շահագրգռուած ենք, որ բարեկամութեան ու բարիդրացիութեան դարաւոր աւանդոյթներն ամրապնդուեն ու զարգանան»,-ըսած է ան։
Ան նշած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները վերելք կ՚ապրին։ Առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է մրցանշային մակարդակի՝ նախորդ տարի կազմելով գրեթէ 12 միլիառ տոլար։ Լաւրովը նաեւ նշած է, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 2024 թուականին երկու անգամ այցելած է Մոսկուա։
Ան ընդգծած է, որ 2025 թուականի մայիսին կը պատրաստուին համատեղ տօնել Հայրենական մեծ պատերազմին մէջ յաղթելու 80-ամեակը։