image

Մոսկուան կը պատրաստուի Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալ

Մոսկուան կը պատրաստուի Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալ

Կապանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՚իրականացուին. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ մայիս 21-ին Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսին։

«Հարցն այսօր քննարկուած է երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու բանակցութիւններու ժամանակ»,- նշած է Լաւրով։

Ապրիլին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած էր, որ պաշտօնական Մոսկուան կ՚ակնկալէ, որ մինչեւ մայիս յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք կը բերուին Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման ժամկէտներու վերաբերեալ։