image

Մոսկուան հետախուզում յայտարարած է Փութինը ձերբակալելու հրաման տուած Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորին հանդէպ

Մոսկուան հետախուզում յայտարարած է Փութինը ձերբակալելու հրաման տուած Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորին  հանդէպ

Մոսկուան հետախուզում յայտարարած է Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) դատաւոր Սերխիօ Կոտինեսի նկատմամբ, ով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրաման տուած է:

Հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը` վկայակոչելով երկրի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։

«Կոտինես Սերխիօ Խերարտօ Ուկալտէ. կը հետախուզուի Քրէական օրէնսգիրքի յօդուածով»,-ըսուած է Ներքին գործոց նախարարութեան հետախուզման տուեալներու շտեմարանին մէջ՝ առանց այլ մանրամասներու։

 

Յիշեցնենք, որ Հաակայի միջազգային քրէական դատարանը մարտ 17-ին Փութինը եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան Մարիա Լվովա-Պելովան ձերբակալելու միջազգային հրաման տուած է։

Անոնք կը կասկածուին «բնակչութեան, այդ շարքին՝ երեխաներու անօրինական տեղահանութեան, պատերազմական յանցագործութիւններուն մասնակցելու մէջ»։